ՀՄԸՄ Հիմնադրման 100-ամեակին Ընդառաջ` Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ Տեղի Ունեցաւ Միջգերատեսչական Յանձնաժողովի Նիստ

Յունիս 6-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան հիմնադրման 100-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնները եւ 11-րդ բանակումը կազմակերպելու նպատակով ստեղծուած միջգերատեսչական յանձնաժողովի երկրորդ նիստը: Նիստին կը մասնակցէին Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանը, նախարարի տեղակալ Բաբգէն Տէր-Գրիգորեանը, «Հայաստանի ազգային սկաուտական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան ատենապետ Դաւիթ Յակոբեանը, ներկայացուցիչներ  ՀՀ արտաքին գործոց, կրթութեան եւ գիտութեան, մշակոյթի, առողջապահութեան, փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու,  մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւններէն, ՀՀ ոստիկանութենէն, Երեւանի քաղաքապետարանէն, ՀՄԸՄ Կեդրոնական վարչութենէն:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան: Ողջունելով նիստի մասնակիցները` նախարարը նշեց, որ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան հիմնադրման 100-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնները եւ 11-րդ բանակումը պէտք է իրականացուին յաւուր պատշաճի եւ բարձր մակարդակով: «Անգնահատելի եւ անուրանալի է ՀՄԸՄ-ի դերը հայապահպանութեան, Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ սկաուտական շարժման զարգացման գործին մէջ»,-նշեց Մխիթար Հայրապետեան:

«Հայաստանի ազգային սկաուտական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան ատենապետ Դաւիթ Յակոբեան նշեց, որ հանդիպումներ  եղած են ՀՀ նախագահի, վարչապետի, պաշտպանութեան եւ սփիւռքի նախարարներու հետ, եւ կազմակերպութեան  100-ամեակի բոլոր ծրագիրները վերահաստատուած են, կազմակերպման ընթացքի մէջ են:

ՀՄԸՄ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Օշին Փիրումեան հանգամանօրէն ներկայացուց 100-ամեակի ծրագիրը, եւ քննարկման միջոցով բոլոր գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչները ճշդեցին իրենց ընելիքները, ձեռնարկներու վերջնական ժամանակացոյցը: Օշին Փիրումեանն ընդգծեց, որ յուլիս 19-29 Հայաստան պիտի այցելեն 22 երկրէ ժամանած 1200 սկաուտներ, իսկ բանակումը տեղի պիտի ունենայ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի` Բիւրականի կեդրոնական բանակավայրին մէջ:

ՀՄԸՄ 100-ամեակին նուիրուած նամականիշի թողարկման մասին զեկուցեց ՀՀ փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու նախարարութեան աշխատակազմի փոստի վարչութեան պետ Ծովինար Գալստեան:

Scroll Up