Լրագրողներու Համահայկական 9-րդ Համաժողովի Մասնակիցները Հանդիպեցան Կրթութեան Եւ Գիտութեան Նախարարին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/06/կգ1.jpg)
Յունիս 1-ին Լրագրողներու համահայկական 9-րդ համաժողովի մասնակիցները հանդիպում ունեցան Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հետ:
Ողջունելով համաժողովի մասնակիցները` Արայիկ Յարութիւնեան նշեց, որ կարեւոր կը համարէ սփիւռքահայ լրագրողներու հետ նման ձեւաչափով հանդիպումը, քանի որ անոնց շնորհիւ նաեւ ուղերձներ կը փոխանցուին Սփիւռքի հայ համայնքներուն: Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարն ընդգծեց, որ թաւշեայ յեղափոխութենէն յետոյ կրթական ոլորտի բարեփոխումներն առաջնային են, եւ առկայ է քաղաքական կամք` լուծելու եւ՛ այժմէական, եւ՛ ռազմավարական մօտեցում պահանջող խնդիրները:
«Կրթութիւնը պէտք է հասանելի լինի բոլորին: Սա լուրջ հրամայական է»,-նշեց Արայիկ Յարութիւնեան:
«Օրեր» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեան (Չեխիա) հետաքրքրուեցաւ` արդեօք նախարարը հասցուցած է ծանօթանալ Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան` Սփիւռքին առնչուող ծրագիրներուն, եւ յետագային ի՞նչ փոփոխութիւններ կը սպասուին: Արայիկ Յարութիւնեան նշեց, որ Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանի հետ այս թեմայով քննարկում արդէն եղած է, սակայն թեման խոր ուսումնասիրութիւններու կարիք ունի:
«Ազատ օր» թերթի խմբագիր Յովսէփ Պարազեան (Յունաստան) ողջունելի համարեց դպրոցներու ապաքաղաքականացման գործընթացը:
Ամերիկահայ լրագրող, հրապարակախօս Յակոբ Պալեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանին հարցուց միասնական ուղղագրութեան անհրաժեշտութեան, դասական ուղղագրութեան անցման եւ հայերէնի անաղարտութեան պահպանման մասին: Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարը նշեց, որ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ անցումը միասնական ուղղագրութեան ներկայիս ժամանակաւոր կառավարութեան համար առաջնային չէ, իսկ թեման մեծ լարուածութեան առիթ կը հանդիսնայ նաեւ Սփիւռքի մէջ:
«Խօսնակ» ամսաթերթի խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան (Լիբանան) ընդգծեց, որ այսօր արդէն արեւմտահայերէնը կանգնած է լուրջ վտանգի առջեւ, եւ կարեւոր համարեց Հայաստանի դպրոցներուն մէջ արեւմտահայերէնի ուսուցման մակարդակի բարձրացումը:
Արայիկ Յարութիւնեան նշեց, որ Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ թեմայի առնչութեամբ եղած են առաջարկութիւններ, որոնք կը դիտարկուին եւ կեանքի կը կոչուին:
Ամերիկահայ լրագրող Լիլիա Աւագեան հարցուց 12-ամեայ կրթական համակարգի արդիւնաւէտութեան, սպասուող փոփոխութիւններու մասին: Արայիկ Յարութիւնեան շեշտեց, որ որդեգրուած համակարգը լաւ է, սակայն ներդրման գործընթացը արդիւնաւէտ չէ իրականացուած:
Համաժողովի մասնակիցները Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարին հետ զրուցեցին դպրոցներուն մէջ ուսուցիչի դերին եւ հեղինակութեան վերարժեւորման մասին: Նախարարը նշեց, որ ուսուցիչը նախ եւ առաջ պէտք է աշակերտներուն մտածել սորվեցնէ, փոխանցէ անհրաժեշտ հմտութիւններ, զբաղուի ինքնակրթութեամբ եւ կիրառէ նոր մեթոտներ:
Սփիւռքահայ լրագրողները անդրադարձան նաեւ Լեզուի պետական տեսչութեան աշխատանքին, ընկերային ցանցերուն եւ լրատուամիջոցներուն մէջ հայերէնի ներկայ վիճակին, Սփիւռքի դպրոցներուն մէջ հայերէնի իմացութիւնը փաստող վկայականներու անհրաժեշտութեան: