Սփիւռքի Նախարարը Եւ Փոխնախարարը Ընդունեցին ԱՄՆ Դեսպանը
Յունիս 5-ին Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանն ու փոխնախարար Բաբգէն Տէր-Գրիգորեանը ընդունեցին Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպան Ռիչարտ Մ. Միլսը: Դեսպանը նախարարին ուղղուած իր շնորհաւորական խօսքին մէջ մասնաւորապէս նշեց. «Շնորհաւորանքներս ձեր նշանակման առթիւ: Միացեալ Նահանգներու մէջ, յուրախութիւն մեզ, կայ մեծ ու ազդեցիկ հայկական սփիւռք, որ կը խօսի մեր երկու երկիրներու ընդհանուր պատմութեան եւ արժէքներուն մասին: Վստահ եմ, որ Ձեր պաշտօնավարման ընթացքին ամերիկահայ սփիւռքը կը շարունակէ կառուցողական դերակատարում ունենալ ժողովրդավար ու բարեկեցիկ Հայաստանի զարգացման եւ կայացման գործին մէջ»:
Նախարարն իր հերթին ընդգծեց, որ կը գնահատէ հայ-ամերիկեան բազմամեայ գործակցութիւնն ու պատրաստ է առաւելագոյնը աջակցելու, որպէսզի ամերիկահայ սփիւռքի դերակատարումն աւելի ամրապնդուի Հայաստանի զարգացման գործընթացին:
Կողմերը մասնաւորապէս անդրադարձան նաեւ Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայերու ընդելուզման գործընթացին, խօսեցան տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու, տնտեսական եւ այլ ոլորտներու զարգացման ուղղուած համատեղ քայլերու մասին: