«Ինծի Համար Ազգային Եւ Մարդկային Պարտականութիւն Է Դպրոցի Դռները Բաց Պահել» Անդրանիկ Պօղոսեան

Յուլիս 26-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Հալէպի Կրթասիրաց Սարգիս Չեմպերջեան երկրորդական վարժարանի տնօրէն, Սուրիոյ գաւառական ժողովի անդամ Անդրանիկ Պօղոսեանը եւ Կրթասիրաց մշակութային միութեան եւ վարժարանի հայաստանեան ներկայացուցիչ Ալեքսան Գարատանայեանը:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ջերմօրէն ողջունեց հիւրերը` արժեւորելով Սուրիոյ մէջ հայ համայնքի պահպանութեան ուղղուած անոր ազգանպաստ գործունէութիւնը: Նախարարը հետաքրքրուեցաւ համայնքի նորութիւններով, դպրոցի աշակերտներու թիւով, առկայ խնդիրներով ու դժուարութիւններով: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Սիրիայում հայ դպրոցը պահելով` իսկապէս հերոսութիւն էք անում: Համայնքը պահելը, սերունդ կրթելը շատ կարեւոր է: Հպարտ եմ, որ այսպիսի մարդիկ կան, որ ապրում են Հայրենիքը, ազգը սիրելով ու նրանց ծառայելով»:
Անդրանիկ Պօղոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց վերջերս իրեն փոխանցուած` ՀՀ Նախագահի կողմէ շնորուած Երախտագիտութեան մետալին համար եւ աւելցուց. «Շնորհակալական խօսքերէն աւելի կ´ուզեմ հաւաստել, որ այդ պարգեւը խթան պիտի դառնայ, որ աւելի աշխոյժ աշխատանք տանինք: Կրկին կ´ուզեմ շեշտել, որ պէտք է վերադառնամ Հալէպ` իմ առաքելութիւնս շարունակելու: Ինծի համար եւ ազգային, եւ մարդկային պարտականութիւն է դպրոցի դռները բաց պահելը»: