Ֆրանսահայ Աշակերտներն Այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիր

Ֆրանսայի Ալֆորվիլ քաղաքի «Սուրբ Մեսրոպ-Արապեան» ամէնօրեայ վարժարանի սաներն ապրիլ 24-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցներու եւ վարժարանի տնօրէն Սիրարփի Կոսոյեանի, ուսուցիչներ Սարգիս Լեռեանի, Լորիս Տէրտէրեանի եւ Սեւան Նազարեանի ուղեկցութեամբ  այցելած են Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակին:

«Հայերն այսօր» տեղեկացմամբ, անոնք ծաղիկներ  խոնարհած են եւ միասնաբար   «Հայր մեր» տէրունական աղօթքը հնչեցուցած յուշակոթողի կամարներու ներքոյ:

Աւելցնենք, որ «Սուրբ Մեսրոպ-Արապեան» ամէնօրեայ վարժարանի սաներու այցելութիւնը Հայաստան կազմակերպուած էր Սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրի ծիրէն ներս:

 

Scroll Up