Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան, Մայիսեան Յաղթանակներու 100-ամեակին Նուիրուած Երեկոյ Պելճիգայի ՄԷջ

Պելճիգայի «Նուարդ» մշակութային միութիւնը մայիս 26-ին կազմակերպած է երեկոյ` նուիրուած Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան, Մայիսեան յաղթանակներու 100-ամեակին: Դիոռնէի մշակոյթի կեդրոնի ցուցասրահին մէջ  բացուեցաւ գեղանկարիչ Գեղամ Միլիքեանի` հայ հերոսներու, հայ ճանչցուած գործիչներու դիմանկարներու ցուցահանդէսը:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն «Նուարդ» միութեան լրատուական ծառայութենէն, Գեղամը Անտուերպենի քաղաքապետին նուիրեց քաղաքապետի դիմանկարը: Ցուցահանդէսը բացաւ եւ ներկաներուն տօներու առթիւ շնորհաւորեց «Նուարդ» միութեան նախագահ Գէորգ Մինասեանը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Անտուերպենի քաղաքապետ Բարտ տը Վեւերին, քաղաքապետարանի աշխատակիցներուն, հոգեւոր հովիւ Տէր Արմէն Մելքոնեանին, տաղանդաշատ երգչուհի Մաիա Մարգարեանին, ներկաներուն` երեկոյին մասնակցելու համար, ապա խօսեցաւ մայիսեան քանի մը պատմական իրադարձութիւններու մասին, որոնք ճակատագրական եղած են հայերուս համար:

Հիմնական ձեռնարկը կայացաւ թատերական դահլիճին մէջ: Ձեռնարկը բացաւ «Նուարդ» միութեան երիտասարդական թեւի առաջնորդ Շահնուր Մինասեան: Բանախօսը ներկայացուց փաստեր հայ-ֆլամանդական կապերու մասին, ճանչցուած հայերու, որոնք մեծ դեր  խաղցած են Պելճիգայի պատմութեան ընթացքին, ապա խօսքը փոխանցեց Անտուերպենի քաղաքապետ Բարտ տը Վեւերին: Վերջինս հիացմունքով խօսեցաւ Անտուերպենի մէջ հաստատուած հայերու մասին` անոնց առանձնացնելով այլ ազգերէն իրենց աշխատասիրութեամբ, կազմակերպուածութեամբ, ճանաչուածութեամբ:  Երեկոյի եզրափակումը կատարեց Տէր Արմէն քահանայ Մելքոնեան:

Ան շնորհաւորեց ներկաները Հայաստանի Թաւշեայ յեղափոխութեան առթիւ, սէր, միասնութիւն ու խաղաղութիւն մաղթեց բոլորին:

Համերգային մասը, որ կը վարէր գեղեցկուհի Արեգնազ Մինասեանը, բացաւ շնորհաշատ տուտուկահար Անդրանիկ Մուրադեանը: Յետոյ բեմը տրամադրուեցաւ ֆլամանդական ազգագրական պարի անսամպլին, որ ներկայացուց  քանի մը համարներ, որոնք ջերմօրէն ընդունուեցան ներկաներուն կողմէ: Այնուհետ կրկին իր երգային ուրոյն կատարումներով փայլեցաւ Մաիա  Մարգարեան: Լաւ երեկոյ կայացաւ, ներկաները գոհ մնացին, մտովի տեղափոխուեցան Հայրենիք ու … մնացինք:

 

 

Scroll Up