Լրագրողներու Համահայկական 9-րդ Համաժողովը Կը Շարունակուի
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/05/7-10.jpg)
Մայիս 31-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ 5-րդ եւ 6-րդ թեմատիկ նիստերով աշխատանքները շարունակեց Լրագրողներու համահայկական 9-րդ համաժողովը:
Հինգերորդ նիստի նիստավարներն էին «Օրեր» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեան (Չեխիա) եւ «Հա յտեղեկատուակեդրոն» տեղեկատուական-վերլուծական կեդրոնի ղեկավար Արմէն Տէր-Սարգսեան (Ռուսաստան), «Արեւելք» լրատուական կայքի գլխաւոր խմբագիր Սագօ Արեան:
«Ժամ» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Աննա Գիվարգիզեան (Ռուսաստան) հանդէս եկաւ «Մամուլ եւ պետականութիւն. պատմութիւն, օրինաչափութիւններ, միտումներ» զեկուցումով: Անդրադառնալով Սփիւռքի մամուլի աշխատանքին` Աննա Գիվարգիզեան այն համարեց քաղաքական, կրթական, մշակութային, լրատուական գործունէութիւն: Խմբագիրը ներկայացուց սփիւռքահայ մամուլի խնդիրները, առկայ դժուարութիւնները եւ նշեց, որ Սփիւռքի եւ Հայաստանի լրատուամիջոցներուն միջեւ առկայ կապի ամրապնդումը կը շարունակուի: Իր ելոյթին մէջ Աննա Գիվարգիզեաը առաջարկեց վերանայիլ նախարարութեան գնահատականը Սփիւռքի անկախ մամուլի նկատմամբ` հաշուի առնելով այն խոչընդոտները, որոնց ամէն օր կը հանդիպի անկախ մետիան: «Ժամ» ամսագրի գլխաւոր խմբագիրը առաջարկեց նաեւ Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմնին համար յստակ կանոնակարգ մշակել, անհրաժեշտութեան պարագային անդամներու փոփոխութիւն կատարել:
«Հորիզոն» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան (Գանատա) զեկուցեց Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ հայկական մամուլի խնդիրներու վերաբերեալ` ներկայացնելով տեղեկատուական պատերազմներու, ապատեղեկատուութեան դէմ պայքարի մարտահրաւէրները: Շաբաթաթերթի խմբագիրը Սփիւռքի հայ մամուլի նպատակները համարեց հայեցի կրթութեան, դաստիարակութեան, Հայ դատի պահանջատիրութեան առնչուող թեմաներու արծարծումը, Հայաստան-Սփիւռք կապի պահպանումը, ամրապնդումը, Սփիւռքի մամուլի մէջ հայաստանեան լուրերու առկայութիւնը: Անդրադառնալով սփիւռքահայ մամուլի խնդիրներուն` Վահագն Գարագաշեան նշեց բաժանորդներու սակաւութիւնը, օտարալեզու լսարանի մեծացումը, տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու պահանջները եւ առաջնային համարեց սոցիալական մետիայի հետ աշխոյժ համագործակցութիւնը:
«Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան (Լիբանան) ներկայացուց «Դէպի 2050` հայկական մամուլի լեզուական հարցն ու ընթերցողներու թիւի նօսրացումը. խնդիրներ եւ լուծումներու առաջարկներ» զեկուցումը: Սեւակ Յակոբեան շեշտադրեց աւանդական մետիայի առջեւ ծառացած սպառնալիքները, երբ տպագիր մամուլը մեծ թափով կը նահանջէ: «Քանի դեռ կայ մէկ ընթերցող, տպագիր մամուլը կը գոյատեւէ»,-նշեց «Զարթօնք»-ի խմբագիրը եւ աւելցուց, որ Սփիւռքի լրատուամիջոցները եւ՛ հայալեզու ընթերոցողի խնդիր ունին, եւ՛ հայալեզու աշխատողներու:
«Նոր դարաշրջան» թերթի գլխաւոր խմբագիր Էտուարտօ Նեստոր Պալեան (Արժանթին) խօսեցաւ Թուրքիոյ` հայ ժողովուրդի դէմ իրականացուած ցեղասպանութեան ժխտողականութեան մէջ մամուլի դերի եւ կարեւորութեան մասին` յորդորելով լրագրողներուն մշտապէս տարածել Հայոց պատմութեան, պետութեան վերաբերեալ նիւթեր, համաշխարհային հանրութեան ներկայացնել Թուրքիոյ ժխտողականութեան ջանքերը:
«Սարդարապատ» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Տիանա Տէր-Կարապետեան (Արժանթին) հանդէս եկաւ «Արժանթինահայ մամուլի հիմնախնդիրները» թեմայով զեկուցմամբ: Ան նշեց, որ արժանթինահայ լրատուամիջոցներու մէջ սակաւաթիւ են երիտասարդ լրագրողները, եւ կախուած հասարակական պահանջէն` հիմնաւորապէս փոխուած է լուրը հաղորդելու, տեղեկատուութիւնը փախանցելու ձեւը:
«Միաբան» տեղեկատուական հարթակի ղեկավար Վահան Բաբախանեան (Ռուսաստան) ներկայացուց «Միաբան» նախագիծը, անդրադարձաւ մամուլին կողմէ հայանպաստ լոպինկի անհրաժեշտութեան:
Արցախի լրագրողներու միութեան նախագահ Գիմ Գաբրիէլեան իր ելութին մէջ նշեց, որ Արցախի մէջ առկայ է լրագրողական մեծ ներուժ, եւ սփիւռքեան որոշ լրատուամիջոցներ ունին արցախեան թղթակիցներ:
ՀԲԸՄ Հայաստանի տնօրէն Դալար Գազանճեան ներկայացուց Հայաստանի բարեփոխումներն ու սփիւռքի ներգրաւման գործին մէջ լրատուամիջոցներու դերը: Ան նախ ողջունեց համաժողովին տիրող գաղափարներու բազմազանութիւնն ու տարբեր երկիրներու լրագրողներու մասնակցութիւնը: Դալար Գազանճեան կարեւոր համարեց հայկական մամուլի արժեհամակարգի` մասնագիտացած, թափանցիկութեան, ներառականութեան, տեսլականի, պարտականութիւններու, համակարգայնացուածութեան, մտածելակերպի եւ մօտեցումներու փոփոխութեան խնդիրները` նշելով, որ հայկական մամուլը` հայաստանեան եւ սփիւռքեան, լիիրաւ 4-րդ իշխանութիւն պիտի դառնայ հայերու համար:
Հինգերորդ նիստի աւարտին տեղի ունեցաւ քննարկում, հնչեցին յաւելեալ ելոյթներ: Մասնաւորապէս` գրող, հրապարակախօս Յակոբ Պալեան ընդգծեց, որ հայրենադարձութեան հարցը պէտք է դառնայ սփիւռքահայ մամուլի հիմնական թեման:
Համաժողովի «ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան առաջնահերթութիւնները» խորագիրով 6-րդ նիստի նիստավարներն էին Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Բաբգէն Տէր-Գրիգորեան, «Արարատ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Անի Եփրեմեան (Լիբանան), «Սարդարապատ» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Տիանա Տէր-Կարապետեան (Արժանթին), «Հորիզոն» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան (Գանատա):
«Արաքս» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Մովսէս Քեշիշեան (Իրան) հանդէս եկաւ «ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան առաջնահերթութիւնները, Այո-ն եւ Ոչ-ը» թեմայով զեկուցմամբ` արձանագրելով, որ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան մէջ եւս յեղափոխութեան անհրաժեշտութիւն կայ, եւ պէտք է մշակուի համագործակցութեան նոր ձեւաչափ:
«Լուսաւոր Աւետիս» լրատուական կայքի թղթակից Տիգրան Փաշաբեզեան (Ֆրանսա) առաջարկեց համաժողովի աւարտին Սփիւռքի նախարարութեան ներկայացնել առաջարկութիւններու համապարփակ փաթեթ:
«Եռագոյն» եւ «Հայկաշխարհ» կայքերու համահիմնադիր Նայիրի Մկրտչեան յորդորեց նախարարութեան նորանշանակ ղեկավարութեան յեղափոխութեան սէրն ու համերաշխութիւնը վերածել արդիւնաւէտ աշխատանքի:
«Հակակացին» ծրագրի ներկայացուցիչ Վադիմ Յարութիւնովը (Ռուսաստան) ներկայացուց Ատրպէյճանի կողմէ Ռուսատանի մէջ իրականացուող հակահայկական քարոզչութեան դէմ պայքարի իրենց փորձը:
Հայրենադարձութեան գործընթացի եւ ատոր լուսաբանման առանձնայատկութիւններուն մասին խօսեցան Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան փոխնախագահ Գայեանէ Առաքէլեան, «Խօսնակ» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան (Լիբանան), «Ազդակ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան (Լիբանան):
Ելոյթներով հանդէս եկան նաեւ ամերիկահայ լրագրողներ Յակոբ Վարդիվարեան եւ Լիլիա Աւագեան, գանատահայ լրագրող Թամար Շահինեան, Յունաստանի «Հայաստան» շաբաթաթերթի խմբագիր Դաւիթ Այվազեան, քուէյթահայ լրագրող, հրապարակախօս Կիրակոս Գույումջեան, «Հայկական Փի Ար ասոցիացիա» գիտատեղեկատուական ՀԿ նախագահ Աստղիկ Աւետիսեան եւ այլք: