Հայկական Աւանդական Ուտեստները Ներկայացուած Են Պելճիգայի ՄԷջ

Մայիս 21-ին Պելճիգայի Քորտրիկ քաղաքի «Նարեկ» մշակութային միութիւնը քաղաքապետարանին հետ համատեղ կազմակերպած  էին «Համաշխարհային մշակութային շուկայ» փառատօնը` 16 ազգերու մասնակցութեամբ:
ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը  յայտնէ «Նարեկ» հայկական մշակութային միութեան նախագահ Արտակ Ժամհարեան. միութիւնն աւելի քան 5000 այցելուներուն ներկայացած էր հայկական տաղաւարով, ուր տեղ գտած էին  հայկական բազմատեսակ ուտեստներ: Միութեան «Նարեկ» պարային համոյթը, պարուսոյց  Անժէլա Աւակիմեանի ղեկավարութեամբ, հանդէս եկաւ երեք ժամեայ համերգային ծրագիրով: Մինչ ուշ երեկոյ տեւած փառատօնն իրականացուեցաւ ամբողջովին հայկական մթնոլորտի մէջ` հայկական երգ-երաժշտութեան ներքոյ:

 

Scroll Up