Նոր Զելանտիոյ Հայ Համայնքի Ղեկավարն Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն

Մայիս 25-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան ընդունեց Նոր Զելանտիոյ Օքլենտ քաղաքի հայկական համայնքի ղեկավար Նուպար Եաղուպեանը:

Նախարարը կարեւոր համարեց համագործակցութիւնը Սփիւռքի բոլոր մեծ ու փոքր համայնքներուն հետ: «Մեզ համար փոքր համայնքներ չկան, կարեւոր է իւրաքանչիւրի մասնակցութիւնը, ներկայութիւնը: Սփիւռքի նախարարութիւնը բոլորինն է: Յանձին ձեզ տեսնում ենք գործընկերոջ, չենք պատկերացնում մեր աշխատանքն առանց ձեզ», – աւելցուց նախարարը:

Նոր Զելանտիոյ հայ համայնքի ղեկավար Նուպար Եաղուպեան շնորհակալութիւն յայտնեց հանդիպման համար, ներկայացուց համայնքի խնդիրները, ձեռքբերումներն ու յառաջիկայ ընելիքները: Ան նշեց, որ թէեւ Նոր Զելանտիոյ հայ համայնքը փոքր է, ընդամէնը 100 ընտանիք, բայց կազմակերպուած են, նախաձեռնող: Անցեալ տարի բացուած է դպրոց, մտահոգ են ինքնութեան, լեզուի, մշակոյթի ու աւանդոյթներու պահպանման հարցերով, ուրախ կ՛ըլլան աւելի սերտացնելու կապը Սփիւռքի նախարարութեան հետ:

Scroll Up