Արցախի «Տնջրէ»-ի Համերգը Վերածուեցաւ Ււրօրինակ Ազգային Պարի Փառատօնի (տեսանիւթ)

Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ, «Տնջրէ» աւանդական երգի ու պարի խումբը, Մայիս 24-ին, «Ձօն քաջաց» խորագիրով, առաջին անգամ, հանդէս եկած է համերգային ծրագիրով՝ նուիրուած Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան 100 եւ Արցախեան շարժման 30-ամեակներուն: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։
«Տնջրէ» աւանդական երգի ու պարի խումբը անցած է աւելի քան չորս տարուան ստեղծագործական ուղի: Համերգին ներկայացուած են ազգային երգեր, ռազմական, հարսանեկան, ծիսական եւ այլ տեսակի պարեր: Հանդիսատեսին կողմէ «Տնջրէ» աւանդական երգի ու պարի խումբը ընդունուած է ջերմութեամբ: Համերգը վերածուած է իւրօրինակ ազգային պարի փառատօնի, քանի որ պարած է գրեթէ ողջ դահլիճը:
«Տնջրէ» աւանդական երգի ու պարի խումբի պարուսոյց Մանուկ Յարութիւնեան ըսած է, որ խումբը ձեւաւորուած է 2013 Նոյեմբեր 24-ին, երբ իրենք՝ Մոնթէ Մելքոնեանի ծննդեան տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկին ժամանակ՝ առաջին անգամ հանդէս եկած են ելոյթով:
Այնուհետեւ, մօտ մէկ տարի շարունակ, խումբ մը պարասէրներով կազմակերպած են բաց դասեր՝ նպատակ ունենալով Արցախի մէջ հանրայնացնել ազգային պարերը: Այդ ժամանակ պարուսոյցը Ծովինար Աւետիսեանն էր:
2013-ի Սեպտեմբերին, Երեւանէն Արցախ մեկնած է պարուսոյց Սարգիս Պարսամեանը եւ անոր գլխաւորութեամբ ալ հիմնադրուած է ներկայ խումբը. անդամները սկսած են աւելի աշխոյժ աշխատիլ՝ պարբերաբար կազմակերպելով բաց դասեր եւ իրականացնելով տարբեր ծրագիրներ:
Բաց դասերուն մասնակցած են հարիւրաւոր երիտասարդներ: Պարուսոյցին խօսքով՝ ատիկա եղած է կարեւոր ձեռքբերում: Սարգիս Պարսամեանի գլխաւորութեամբ՝ խումբը գործած է մինչեւ 2015:
«2017-ի սկիզբը, ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան հրաւէրով՝ ես միացայ խումբին եւ մինչեւ հիմա կը շարունակեմ առաքելութիւնս: Սկիզբը անիկա ազգային պարերու խումբ էր, այսօր արդէն՝ աւանդական երգի ու պարի: Խումբի կայացման նպաստեց նաեւ ժողովրդական երգի մասնագէտ Մարատ Յարութիւնեան: Ներկայիս խումբը կազմուած է 14 անդամէ. անոնց քանակը յառաջիկայի պիտի համալրուի նոր մասնակիցներով»,- ըսած է Մ. Յարութիւնեան եւ շեշտած, որ ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը մեծ աջակցութիւն կը ցուցաբերէ իրենց աշխատանքներուն:
Խումբի անդամ Թամար Սարգսեանի կարծիքով՝ համերգը նպատակ ունեցած է հանրութեան ցոյց տալ, թէ որն է ազգային պարը եւ անիկա որքան ազդեցութիւն կը ձգէ մարդու ներաշխարհին վրայ:
Ըստ անոր՝ իրենց նպատակը պարը ժողովուրդին մէջ տարածելն է, զայն հանրայնացնելը:
Համերգին ներկայ եղած են Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Մարատ Մուսայէլեան, ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Սերգէյ Շահուերդեան, պետական այրեր եւ արուեստասէր հասարակութիւն: