Սփիւռքի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենան Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակին Նուիրուած Շարք Մը Ձեռնարկներ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/05/գանտահարյան.jpg)
Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած Սփիւռքի մէջ շարք մը ձեռնարկներ կը նախատեսուին: «Արմէնփրես»-ի մամուլի սրահին մէջ լրագրողներուն հետ հանդիպման այս մասին ըսաւ «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան:
Անոր խօսքով` դեռ քանի մը ամիս առաջ Սփիւռքի բազմաթիւ համայնքներու մէջ ձեւաւորուած են յանձնաժողովներ, ուր ներգրաւուած են կուսակցութիւններ, տարբեր միութիւններ: «Ես կը կարծեմ, որ հարիւրամեակը պէտք չէ սահմանափակել միայն այս ամսուան, կամ այս տարուան կտրուածքով: Անհրաժեշտ է գիտական, քաղաքական ախիւային փաստաթուղթերու հետ կապուած շարունակել քննարկումները»,-ըսաւ ան:
Գանտահարեան նշեց, որ մայիս 30-ին Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակի ձեռնարկներու ծիրէն ներս կը մեկնարկէ Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովը: «Համաժողովի ընդհանուր թեման Հայոց պետականութիւնը պիտի ըլլայ, որուն պիտի մասնակցին Սփիւռքի տարբեր ԶԼՄ-ներու ներկայացուցիչներ: Համաժողովը Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ է»,-ընդգծեց Գանտահարեան, աւելցնելով, որ անդրադարձ կը կատարուի նաեւ Առաջին Հանրապետութեան ժամանակահատուածին լոյս տեսած մամուլին, պետականութեան: Սփիւռքէն եկած լրագրողները հանդիպումներու առիթ կ’ունենան հայաստանեան գերատեսչութիւններու ղեկավարներու հետ: