Վարչապետն Ընդունած Է ՀՄԸՄ Կեդրոնական Վարչութեան Անդամները
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/05/773.jpg)
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտչեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութեան մամլոյ ծառայութենէն:
Ողջունելով հիւրերը` վարչապետը բարձր գնահատած է կառոյցի դերը հայապահպանութեան գործին մէջ եւ կառավարութեան անունով պատրաստակամութիւն յայտնած աջակցելու ՀՄԸՄ-ի նախաձեռնութիւններու իրականացման ու գաղափարներու տարածման:
Հիւրերը շնորհաւորած են Նիկոլ Փաշինեանը ՀՀ վարչապետի պաշտօնին ընտրուելու կապակցութեամբ եւ մաղթած յաջողութիւններ` ի նպաստ Հայաստանի զարգացման: Գառնիկ Մկրտչեան վարչապետին ներկայացուցած է ՀՄԸՄ 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծրագիրը, որոնք տեղի պիտի ունենան Հայաստանի մէջ` յուլիս 19-29-ը ինկած ժամանակահատուածին: Նշուած է, որ ձեռնարկներուն մասնակցելու նպատակով հայրենիք պիտի ժամանէ միութեան տարբեր երկիրներու մէջ տեղակայուած մասնաճիւղերը ներկայացնող 1200 սկաուտ: Գառնիկ Մկրտչեան վարչապետը հրաւիրած է մասնակցելու 100-ամեակի գլխաւոր ձեռնարկին: Հրաւէրը սիրով ընդունուած է: