Զուիցերիոյ ՄԷջ Բարեգործական Երեկոյ Կը Կազմակերպուի Հայաստանի Հիւանդ Երեխաներու Համար

Զուիցերիոյ հայկական միութեան նախաձեռնութեամբ մայիս 24-ին, ժամը` 19:00–ին, «Յակոբ Թօփալեան» հայկական կեդրոնին մէջ կը կայանայ SEMRAPLUS եւ Զուիցերիոյ հիմնադրամներուն կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւանդ երեխաներուն համար կազմակերպուող երեկոյ:

«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ, երեկոյի ընթացքին կը ցուցադրուին 4 ֆիլմեր, որոնք նկարահանուած են 2016 թուականին Հայաստանի մէջ Jura ֆրանսական խումբի շաժանկարիչներու  եւ Camera Club Jura –ի նախագահ Ժաք Դաուչուրուի կողմէ: Երեկոյի ընթացքին կը ցուցադրուին հետեւեալ ֆիլմերը.

«Ես կը գնամ Հայաստան»– ֆիլմին մէջ կը ներկայացուի շարժանկարիչներու  զբօսանք Հայաստանի տեսարաններու եւ պատմական ժառանգութեան միջով:

«7.12.1988 at 11:41» – կը ներկայացուի Հայաստանի մէջ աւերիչ երկրաշարժէն յետոյ տեղաշարժը եւ SEMRAPLUS հիմնադրամին կողմէ Jura-ի եւ Հայաստանի միջեւ համերաշխութիւն մարմնաւորումը:

«Արաբկիր-ԱՐԲԵՍ-ն այսօր» (“Today Arabkir-ARBES”) – ֆիլմին մէջ ցուցադրուած է մանկական հիւանդանոցի բացումը Երեւանի մէջ, շնորհիւ միջազգային օգնութեան, յատկապէս SEMRAPLUS – ի, որ այսօր դարձած է բարձր վարկանիշ ունեցող կեդրոն:

«Հայաստան. Անկախութեան 25 տարին» (“Armenia.25 years of independence”) – պիտի ներկայացուի Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակի տօնակատարութիւններու շնորհանդէսը:

SEMRAPLUS – ը Jurassic հիմնադրամն է, որ ամբողջութեամբ կազմաւորուած է կամաւորներէ: Այն ստեղծուած է 1988 թուականի Սպիտակի երկրաշարժէն յետոյ դոկտոր Ժան Փիեր Պերնյարդ Կուրտուխի կողմէ: Երեսուն տարի անց հիմնադրամը Կլէ Հեչէի նախագահութեամբ եւ Ժան-Լիւկ Պայերիէի ղեկավարութեամբ կը շարունակէ  եւ կը զարգացնէ Երեւանի Արաբկիրի մանական հիւանդանոցի ֆինանսաւորումը : Հիմնադրամի գլխաւոր նպատակն է բարձր բժշկական օգնութիւն ցոյց տալ անապահով ընտանիքներու երեխաներուն:

 

 

Scroll Up