«Արմաթ» Ամառնային Արհեստագիտական Ճամբարը Իր Դռները Կը Բանայ ՀՀ-ի Եւ Սփիւռքի Դպրոցականներուն Առջեւ
Այս տարի «Արմաթ» արհեստագիտական ճամբարը կ’իրականացուի յուլիս 1-11` Լոռի մարզի Գուգարք ճամբարին մէջ: Ճամբարը տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի մէջ նորարարական կրթութեան, ներառեալ` ռոպոթի շինութեան զարգացման ծրագիրի` «Արմռոբոտիքս» եւ «Արմաթ» ճարտարագիտական աշխատանոցներու ցանցի հեղինակ Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ձեռնարկութիւններու միութեան (ԻՏՁՄ) կողմէ:
«Արմաթ» արհեստագիտական ճամբարը կ՛իրականացուի արդէն 3 տարի: «Արմաթ» ճամբարի ծիրէն ներս ՀՀ-ի եւ սփիւռքի 10-14 տարեկան պատանիները ջերմ եւ ստեղծագործական միջավայրի մէջ կ’իրականացնեն ամառնային հանգիստը, ուր ձեռք կը բերեն ծրագրաւորման, ռոպոթաշինութեան տարրական հիմունքներ ու թիմային աշխատանքի պատասխանատուութեան, կարգ ու կանոնին հետեւելու եւ փոխօգնութեան զգացում, կը մասնակցին պատմամշակութային շրջագայութիւններու, ժամանցային խաղերու, կը սորվին ազգային պարեր եւ այլն:
«Արմաթ» ճամբարին կրնան մասնակցիլ 10-14 տարեկան դպրոցականներ Հայաստանէն եւ սփիւռքէն: Մասնակցութեան պայմաններուն եւ օրակարգին ցանօթանալու համար սեղմէք այստեղ: