Ֆինլանտա Բնակող Հայերու Ուժը Միասնականութեան Մէջ Է
Իրարմէ հեռու ապրելու հանգամանքը Ֆինլանտայի մէջ բնակող հայերուն չի խանգարեր յաճախ հանդիպումներ կազմակերպելու եւ տարբեր ծրագիրներ իրականացնելու:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ «Ֆինլանտա-Հայաստան միութեան» փոխնախագահ Մարինէ Դանոյեան, այս անգամ Հելսինքի մէջ բնակող հայերն ուղեւորուեցան Տամպերէ եւ տեղի հայ համայնքին կողմէ արժանացան բուռն եւ հանդիսաւոր ընդունելութեան: Ամէնուր կը թեւածէր խինդն ու ծիծաղը, բարեկամական ջերմ մթնոլորտը: Հիւրասիրութեան սեղանին շուրջ մատուցուեցան հայկական խոհանոցի լաւագոյն, այնչափ համեղ կերակրատեսակներ:
Հայոց լեզուի խմբակի սաները ներկայացուցին փոքրիկ հանդէս-ներկայացում: Այնուհետեւ անոնց միացան Տամպերէի հայոց լեզուի խմբակի սաները եւ իրենց կատարումով ոգեւորեցին հանդիսատեսը:
Մինչ մեծերը քաղցր զրոյցի բռնուած էին, փոքրերը նուէր-բացիկներ կը պատրաստէին, որոնք յետագային քաղցր յուշեր կ’արթնցնէին երեխաներու սրտերուն մէջ:
Հանդիպումն աւարտեց միասնական քոչարի պարով, բարի մաղթանքներով եւ յետագային աւելի յաճախ հանդիպելու ակնկալիքով:
Ձեռնարկի կազմակէրպիչն էր Ֆինլանտա-Հայաստան միութիւնը: