Ֆրանսայի Մէջ Ցուցադրուած Են Արսէն Յակոբեանի Վաւերագրական Ֆիլմերը
Ապրիլ 22-ին Ֆրանսայի Թուլուզ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Արսէն Յակոբեանի վաւերագրական ֆիլմերու ցուցադրութիւնը, որ կազմակերպած էր «Մեսրոպ Մաշտոց» կիրակնօրեայ դպրոցը` ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն կազմակերպիչները, Արսէն Յակոբեան ներկայացուց 2 ֆիլմ ` «Արցախ-Նախիջեւան. յանցաւոր լռութիւն», որ կը ներկայացնէ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը, եւ «Արարատէն դէպի Եւրոպա» ֆիլմը, ուր բաւականին մանրամասն կը խօսուի, թէ ինչպէս քրիստոնէական մշակոյթը տարածում գտաւ Արարատէն դէպի Եւրոպա:
Ֆիլմերը, որոնք թարգմանուած էին ֆրանսերէն, շատ հետաքրքիր էին եւ տեղեկատուական: Թէ՛ հայ, թէ՛ ֆրանսացի հանդիսատեսը մեծ հետաքրքրութեամբ դիտեց: Աւարտին տեղի ունեցաւ հանդիպում-քննարկում հեղինակին հետ: