Խրիմեան Հայրիկի Խօսքն Ու Շունչը Պոսթընի ՄԷջ

Հայերն այսօր– Ապրիլ 8-ին Պոսթընի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Նշան եւ Մարգրիտ Աթանեզեան լայնարձակ սրահին մէջ օդը ողողուած էր գարնանային արեւով ու Խրիմեան Հայրիկի լուսաւոր շունչով․․․

Պոսթընի Հայկական անկախ ձայնասփիւռը Եւգինէ Զարիֆեան-Ղարիպեանի գլխաւորութեամբ կազմակերպած էր մենաթատրոն, որ նուիրուած էր Խրիմեան Հայրիկի 110-ամեակին: Հաւաքուած  հասոյթէն մաս մը Հրանդ Մարգարեանի կողմէ պիտի նուիրաբերուի Արցախի վիրաւոր զինուորներուն օգնութիւն ցուցաբերելու համար:

Մենաթատրոնի հեղինակը, մենակատարը եւ բեմադրիչը Նիւ-Եորքէն ժամանած  դոկտոր, գիտնական, փրոֆէսոր, թատերագիր, բանաստեղծ, թարգմանիչ, դերասան Հրանդ Մարգարեանն էր, որ իր փայլուն կատարմամբ մարմնաւորեց Մկրտիչ Խրիմեանի կերպարը: Ան փայտէ հասարակ, առանց որեւէ զարդարանքի գաւազանով, Կաթողիկոսի իր սեւ հագուկապով, ճերմակ երկար մօրուքով, մանկան պէս հեզ ու բարի հայեացքով դանդաղ, ծանրաքայլ բեմ բարձրացաւ: Յետադարձ հայեացք նետելով 1907 թուականին` ան վարպետօրէն ներկայացուց Մկրտիչ Խրիմեանի եւ հայ ժողովուրդի համար ծանր ու ողբերգական ժամանակաշրջանը:

Ան, որ դեռ պատանի տարիքին կորսնցուցած էր իր հայրը եւ չէր հասցուցած ճանչնալ անոր, յետագային դարձաւ «Հայոց հայր»` 1892 թ․ 72 տարեկան հասակին 72 քուէով միաձայն ընտրուելով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս:

Հմուտ դերասանն իր իւրօրինակ խաղով կարողացաւ ունկնդիրները յուզել ու ոգեշնչել Մկրտիչ Խրիմեանի ապրած ու գործած նշանաբանով. «Հաւատալ խօսքի ուժին, հաւատալ մտքի  անյաղթելի ազդեցութեան»:

Այդ հրաշալի դերասանն ու մտածողը Խրիմեան Հայրիկի կերպարով մէկ անգամ եւս հնչեցուց անոր յայտնի թուղթէ եւ երկաթէ շերեփներու համեմատութիւնը:  Անգամ մը եւս ընդգծեց, որ պէտք է զէնք ու հզօր բանակ ունենալ թշնամին յաղթելու համար: Չէ որ թուղթերով ու իր աղաչանքներով Խրիմեանը չկրցաւ շարժել հզօր երկիրներու գութը, որպէսզի օգնեն Հայաստանին` իր ինքնութիւնը, անկախութիւնը պահպանելու: Այլ խօսքերով` հողին տէր է ան, որ զէնքով  կանգնած է այդ հողին: Մէկ անգամ եւս յիշեցուց հայ ազգի միասնական ըլլալու կարեւորագոյն գաղափարն ու խնդիրը, որմով միայն կրնանք ուժեղ ու անյաղթ ըլլալ:

Հրանդ Մարգարեան այդ եւ միւս պատգամները սիրով փոխանցեց Պոսթընի հայկական թանգարանի տնօրէն Պերճ Չէքիջեանի ուղեկցութեամբ բեմ բարձրացած մատաղ սերունդին, որոնք պէտք է  հասկնան, որ իրենք ուժեղ ու չկոտրուող ոգիի տէր ազգի` Հայկ նահապետի ժառանգներն են:

Այս այժմէական ու արժէքաւոր մենաթատրոնն է, որ մեր սիրելի բարեկամն անցեալ տարի ներկայացուցած է Երեւանի մէջ, իսկ մայիսին պիտի տանի ոգեշնչելու նաեւ Հայաստանի այլ շրջաններու ու Արցախի ներկայ եւ ապագայ սերունդներուն: Համոզուած եմ, որ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ Հրանդ Մարգարեանն իր հրաշալի կատարումով եւ մարդկային բարձր արժանիքներով կը նուաճի ունկնդիրներու սրտերը: Ինչպէս բեմի վրայ, այնպէս ալ բեմէն դուրս ուշադիր եւ հոգատար վերաբերմունք կը ցուցաբերէ իրեն դիմող իւրաքանչիւր հանդիսատեսի, մարդու, քանի որ ան բեմէն դուրս ալ  «Խրիմեան Հայրիկ» է:

Իսկ թէ ո՞վ է Հրանդ Մարգարեանը եւ ինչպիսի գրական-գեղարուեստական, հասարակական, հայրենանուէր գործունէութիւն  ծաւալած է ու կը ծաւալէ, ստորեւ կը ներկայացնենք անոր հարուստ կենսագրականէն որոշ տեղեկութիւններ:

Հրանդ Մարգարեան ծնած է Պասրա (Իրաք), 1938 թ. հոկտեմբեր 6-ին: Շատերուն պէս անոր ծնողները եւս անցած են Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքի միջով եւ 1918թ. Վասպուրականէն հասած Իրաք: Իր նախնական ուսումը ստացած է Մարկիլի Հայոց ազգային  նախակրթարանին մէջ: Յաճախած է տեղի պետական միջնակարգը: 1961թ. Պաղտատի Գիտութեան քոլեջն աւարտելէ յետոյ` ուսումը շարունակած է ԱՄՆ-ի Սթիւընս ինստիտուտին մէջ: Ստացած է մագիստրոսի եւ դոկտորի վկայականներ տարրաբանութեան մէջ, ինչպէս նաեւ մագիստրոսի վկայական ճարտարուեստի մէջ: Գիտական ուսման զուգահեռ ան յաճախած է նաեւ Նիւ-Եորք քաղաքի համապատասխան թատերական ուսումնական հաստատութիւններ, ուր եւ մասնագիտացած է թատերագիտութեան եւ բեմական արուեստի բնագաւառին մէջ: 1967թ. հիմնադրած է հայ մշակութային միութեան «Մասիս» թատերախումբը, որ յետագային անուանակոչուեցաւ Համազգային թատերախումբ, որուն ղեկավարն է մինչեւ այսօր: 2005թ․հիմնադրած է Նիւ-Ճըրսի Համազգայինի պատանեկան թատերախումբը: 10 տարի փրոֆէսոր  եղած է Նիւ Եորք նահանգի համալսարանի համակարգին մէջ, 25 տարի դասաւանդած է  ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի առաջնորդարանի «Սիամանթօ» լսարանին մէջ, 7 տարիէն աւելի  դասախօսած է Արեւելեան շրջանի Էջմիածնական թեմի Ս.Ներսէս ընծայարանին մէջ:

Հրանդ Մարգարեանի գրական-գեղարուեստական հունձքը շատ հարուստ է, ան ունի 27 հեղինակային թատերախաղ, 56 բեմադրած թատերախաղ, 56 դերակատարութիւն, 162 բեմադրութիւն, 15 բեմականացում, բազմաթիւ  թարգմանութիւններ, լսատեսողական ծրագիրներ, խմբագրական գործունէութիւն, 10 հրատարակուած թատերախաղերու, մէկական բանաստեղծութիւններու եւ արձակ ստեղծագործութիւններու գիրքեր:

Որքան հարուստ է Հրանդ Մարգարեանի գրական-գեղարուեստական հունձքը, նոյնքան ալ հարուստ են ձեռքբերումները, որոնց արժանացած է իր երկարատեւ ու  քրտնաջան աշխատանքով.

1980- մետալ Համազգայինի ԱՄՆ-ի եւ Գանատայի շրջանային վարչութիւններուն կողմէ

1987- «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշան Մեծի Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկոս Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Գարեգին Բ-ի ձեռամբ

1992-«Սփիւռքահայ լաւագոյն թատերագիր» ՀԳՄ նախագահ Վահագն Դաւթեանի կողմէ

1992-ՀԳՄ անդամ

2000- Պատուոգիր մշակութային գործունէութեան համար` Նիւ Եորքի Քուինզ շրջանի նախագահ Քլէյր Շուլմանի կողմէ

2002- «Ոսկէ մետալ» Հայաստանի մշակոյթի նախարար Ռոլանտ Շառոյեանի կողմէ

2004-ճերէճեան թատերական մրցանակ – Լիբանան

2008- ՀՕՄ-ի «Ակնունի» շքանշան ԱՄՆ-ի Արեւելեան շրջանի վարչութենէն

2008-Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան շքանշան

2008-«Յակոբ Մեղապարտ» մետալ Հայաստանի ազգային գրադարանի տնօրէն Դաւիթ Սարգսեանի կողմէ

2017- Շքանշան «Ֆրիյտոֆ  Նանսեն» հիմնադրամի նախագահ Ֆելիքս Բախչինեանի կողմէ

Աւարտին կ’ուզեմ միայն շնորհակալութիւն յայտնել եւ մաղթել նորանոր յաջողութիւններ մեր պատուարժան հայուն` Հրանդ Մարգարեանին:

Ամալիա Իսայեան

Հայաստանի լրագրողներու միութեան,

Ռուսաստանի գրողներու միութեան

Մոսկուայի քաղաքային կազմակերպութեան,

ԱՄՆ Հայ գրողներու միութեան անդամ

Scroll Up