Չորս Հայեր Էլիս Կղզիի Պատուաւոր Մետալ Կը Ստանան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/04/84245.jpg)
ԱՄՆ Էլիս կղզիի Պատուաւոր մետալ ստացողներուն մէջ չորս ամերիկահայեր պիտի ըլլան:
Այս մասին կը յայտնէ հայ-ամերիկեան news.am-ը:
Պարգեւները յանձնելու պաշտօնական արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ մայիս 12-ին: Այս տարի մետալը կը ստանան չորս հայեր` Ճոն Չարլզ Գալիյեանը, Վիգէն Սեփիլեանը, Ճոն Պիլեզիկեանը եւ աշխարհահռչակ Լարի Կակոսեանը:
Էլիս կղզիի Պատուաւոր մետալը պիտի շնորհուի ԱՄՆ ականաւոր քաղաքացիներուն, որոնք այն մարդոց օրինակ կը ծառայեն, որոնք իրենց կեանքը նուիրած են հասարակութեան ծառայելուն, կը պահպանեն եւ կը յարգեն իրենց պատմութիւնը, աւանդոյթները եւ արժէքները: Կազմակերպութիւնն այս պարգեւով կը գնահատէ ԱՄՆ զարգացման մէջ ներգաղթեալներու եւ անոնց երեխաներու փորձն ու աւանդը:
Անցեալ տարի 8 հայեր Պատուաւոր մետալ ստացած էին: