Հոլանտայի Մէջ ՀՀ Դեսպանը Հանդիպած Է Հոլանտահայ Կառոյցներու Ներկայացուցիչներուն Հետ. տեսանիւթ

Ապրիլ 11-ին Նիտերլանտներու Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Գարեգին Մելքոնեան իր հաւատարմագիրները յանձնած է Նիտերլանտներու թագաւոր Վիլհելմ Ալեքսանտրին: Վերջինս կը նշանակէ, որ Ն.Գ. պարոն Գարեգին Մելքոնեան սահմանուած կարգով ու լիազօրութիւններով պաշտօնապէս կ’անցնի իր պարտականութիւններու կատարման:
«Հայերն այսօր»-ը, յղում կատարելով «Նիտերլանտական օրագիրին», կը յայտնէ, որ նոյն օրը ՀՀ դեսպանութիւնը կազմակերպած էր ընդունելութիւն, որուն մասնակցած են հոլանտահայ կազմակերպութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներ:

Հակիրճ ելոյթով նորանշանակ դեսպանը պատմած է Հաագայի մէջ յատուկ արարողակարգով Noordeinde թագաւորական պալատին մէջ ընդունելութեան, Վիլհեմ Ալեքսանտրին հաւատարմագիրներ յանձնելու եւ անոր հետ մօտ կէս ժամ ունեցած զրոյցին մասին: Հանդիպման ընթացքին խօսուած է հայ-նիտերլանտական յարաբերութիւններու զարգացման, համագործակցութեան մասին: Դեսպանը կարեւոր համարած է նաեւ կապը հայ համայնքներուն հետ, խոստացած մօտէն ծանօթանալ հայ համայնքներու եւ կառոյցներու գործունէութեան:

Հայ համայնքի ներկայացուցիչները շնորհաւորած են դեսպանը եւ յաջողութիւններ մաղթած պատասխանատու պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ:

Scroll Up