Հ.Բ.Ը.Մ.ը Կը Շնորհաւորէ Հայաստանի Հանրապետութեան Նոր Նախագահ Արմէն Սարգսեանը

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը կը շնորհաւորէ նախագահ Արմէն Սարգսեանը իր երդմնառութեան եւ նախագահական պաշտօնի ստանձնումին առիթով եւ կ’ողջունէ զինք պատմական այս իրագործումին համար:
Հանգրուանային այս իրադարձութիւնը կ’իրականանայ պահու մը, երբ մեր ազգը կը դիմագրաւէ շրջանային, համաշխարհայնական, բազմաթիւ եւ բարդ մարտահրաւէրներ, միաժամանակ զարգացման եւ բարգաւաճումի փայլուն հեռանկարներով:
Մինչ կը թեւակոխենք մեր հանրապետութեան կառավարչական համակարգի նոր ժամանակաշրջանը, 2016ի բարեփոխուած Սամանադրութեամբ, մենք զարգացման լայն կարելիութիւններ կը տեսնենք, որոնք իրկանանալի են ղեկավար կառոյցներու աշխոյժ նախաձեռնութիւններով եւ բոլոր կողմերու համակարգուած գործակցութեամբ:
Խորհրդարանական դրութեան որդեգրումով, Հայաստանի նոր նախագահը կը ստանձնէ պետութեան առաջնորդութիւնը, ազգային կառոյցներու կայունութիւնը եւ շարունակականութիւնը պահպանելու պատասխանատուութեամբ: Մեր բաղձանքն է որ Նախագահ Արմէն Սարգսեան կարենայ յաջողութեամբ իրականացնել այդ յանձնառութիւնը, որ ցոլացումն է նաեւ մեր ժողովուրդի համընդհանուր ձգտումներուն եւ հասարակաց արժէքներուն ու իտէալներուն:
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը իր երախտագիտւթիւնը կը յայտնէ նաեւ Նախագահ Սերժ Սարգսեանին, անոր պաշտօնավարութեան աւարտին, բախտորոշ բազմաթիւ տարիներու ընթացքին, սկսեալ Արցախի ազատագրման շարժումէն, հայրենիքին մատուցած իր նուիրեալ ծառայութիւններուն համար: Իր նախագահութեան շրջանին, Հ.Բ.Ը.Մ.ը պահպանեց եւ ընդլայնեց Հայաստանի ղեկավարութեան հետ գործելու իր խորարմատ աւանդոյթը, առաւել եւս զարգացնելով իր գործունէութիւնը արուեստի, կրթութեան, մշակոյթի, ինչպէս նաեւ ընկերային եւ մարդասիրական ծառայութիններու մարզերէն ներս
Հ.Բ.Ը.Մ.ը խանդավառութեամբ պիտի շարունակէ իր կառուցողական ներդրումներով աջակցիլ հայրենի պետութեան, ի շահ մեր համընդհանուր ազգի բարօրութեան: Մենք կը հաւատանք, որ ազգային կառոյցներուն՝ Նախագահին, Խորհրդարանին, Վարչապետին եւ Եկեղեցւոյ համակարգ եւ սերտ գործակցութեամբ, կարելի է լաւագոյնս ծառայել մեր ազգի եւ ժողովուրդի զագացման: