ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի Աշխատանքային Այցն Աւստրիա` Լուսանկարներով

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան մարտ 30-էն ապրիլ 1 աշխատանքային այցով կը գտնուէր Աւստրիոյ Հանրապետութեան մէջ:
Այդ ընթացքին նախարարը հանդիպումներ ունեցած է Վիեննայի հայ համայնքի կառոյցներու ներկայացուցիչներուն եւ Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան անդամներուն հետ, ինչպէս նաեւ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է Եւրոհայկական 23-րդ խաղերու բացման պաշտօնական արարողութեան եւ հանդիպած է խաղերու մասնակիցներուն հետ:
Այնուհետեւ նախարարն Աւստրիայէն աշխատանքային այցով մեկնած է Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութիւն:
«Հայերն այսօր»-ը կը ներկայացնէ ՀՀ սփիւռքի նախարարի այցն Աւստրիոյ Հանրապետութիւն` լուսանկարներու միջոցով: