Սուրբ Զատկուան Տօնակատարութիւնը Հրանդ Տինք Վարժարանին ՄԷջ

Մարտ 30-ին Հրանդ Տինք վարժարանի 4-5-րդ  դասարանի սաները թատրոնի ուսուցիչ Յարութիւն Գէորգեանի, ուսուցչուհիներ Տոնարա Բեբուրեանի եւ Նարինէ Սողոմոնեանի, Լուսինէ Յարութիւնեանի նախաձեռնութեամբ  Զատկուայ տօնին նուիրուած ձեռնարկ մը պատրաստած էին:   Սկիզբը ելոյթ ունեցաւ Տէր Շիրվան քահանան, որ բոլոր ներկաներուն ու մասնաւորապէս աշակերտներուն  անգամ մը եւս բացատրեց Զատկի խորհուրդը` ըսելով, որ Քրիստոսը լոյս է եւ այդ լոյսը պէտք է ապրի մեր մէջ:  Աշակերտները թատերական խաղի միջոցով ներկայացուցին Քրիստոսի յարութիւնը, որուն հետեւեցան տօնի խորհուրդի մեկնութիւնը, բանաստեղծութիւններ, ծիսական երգեր, պար ու խաղ: Տօնական տրամադրութիւնը եւ Զատկի աւանդական սեղանը, որ պատրաստած էին աշակերտներու մայրերը, իւրովի հմայք  հաղորդած էին օրուան: Վարժարանի տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան շնորհաւորեց աշակերտներն ու ուսուցիչները, որոնք չնայած դժուար շէնքային պայմաններուն, ամէն անգամ պատուով եւ սիրով կը կատարէն իրենց առաքելութիւնը: Չուշացան նաեւ նուէրները, որոնք պատրաստած էին հոգաբարձուներ տէր եւ տիկին Հորոզօղլուները եւ սիրով իրենց որդիին` Կարօտի հետ բաժնեցին աշակերտներուն: Թող տօնի խորհուրդը իմաստաւորուի մեր ընտանիքներուն մէջ եւ արժանի ըլլանք կենդանի Աստուծոյ սիրոյն ու ողորմածութեան:

Քրիստոս յարեաւ  ի մեռելոց,

Օրհնեալ է յարութիւնը Քրիստոսի:

 

 

 

Scroll Up