Կիրակի, 18 Մարտ 2018-ին Հալէպի ԱՄԺ Տան «Լ.Շանթ» սրահէն ներս գումարուեցաւ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանի 21-րդ Շրջանային Ներկայացուցչական ժողովը։

Այս առիթով «Գանձասար» հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Կարօ Ալեքսանեանի եւ Կեդր. Վարչութեան անդամ Կարօ Մանճիկեանի հետ։

«Գանձասար».- Պարո՛ն Ալեքսանեան, պատերազմական ծանր պայմաններու շրջանցումով Համազգայինի Սուրիոյ ընտանիքը, եօթը տարուան ընդմիջումէն ետք,   կը գումարէ իր Շրջանային Ներկայացուցչական ժողովը։ Կրնա՞նք ըսել, որ Համազգայինի Սուրիոյ ընտանիքը վերսկսած է իր բնականոն գործունէութեան։

Կարօ Ալեքսանեան.- Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Ներկայացուցչական վերջին ժողովը 2011-ին գումարուած էր։ Այդ օրերուն սկսած էր Սուրիոյ դէմ պատերազմը։ Մինչեւ 2014, Շրջանային Վարչութիւնը երեք անդամներով գործեց, ոմանք գաղթած էին, ուրիշներ՝ անապահով պայմաններու մէջ յայտնուած։ Համազգայինի գործունէութիւնը որոշ շրջաններու մէջ դադրեցաւ, այլ տեղեր տարտամ քայլերով ընթացաւ։ 2014-ին նորակազմ Շրջանային Վարչութիւն նշանակուեցաւ, որովհետեւ կարելիութիւն չկար Շրջանային ժողով գումարելու, նահանգներու միջեւ երթեւեկութիւնը շատ վտանգաւոր էր, երբեմն՝ անկարելի։ Եօթը անդամներէ բաղկացած նորանշանակ Շրջ. Վարչութիւնը գործի լծուեցաւ՝ ըստ կարելւոյն աշխուժացնելու սուրիահայ մշակութային կեանքը։ Շրջաններու կարգ մը մասնաճիւղեր դադրած էին գործելէ։ Կը գործէր Հալէպի «Ն. Աղբալեան» Մասնաճիւղը, Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տուն տեղափոխուելով կը գործէին՝  «Զուարթնոց» երգչախումբը (ստուար թիւով), «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցը, Հայագիտական Հիմնարկը, բոլորն ալ նեղ սենեակներու մէջ, անապահով պայմաններու տակ։ Պատսպարանի սաներն ալ այդ շրջանին կը բնակէին ԱՄԺ Տան «Լեւոն Շանթ» սրահին մէջ եւ անոնց ներկայութեան երգչախումբը փորձեր կը կատարէր։ Այդ տարիներուն փորձեցինք մէկ առ մէկ վերաշխուժացնել մասնաճիւղերը։ Տիկին Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի ներկայութենէն օգտուելով (որովհետեւ ան  Հայաստանէն նոր վերադարձած էր) փորձեցինք վերակազմել «Զուարթնոց» երգչախումբը։ 2015-ին երգչախումբը իր առաջին համերգը տուաւ նոր որակով։ Ապա վերակազմակերպուեցան Դամասկոսի, Քեսապի, Լաթաքիոյ, Գամիշլիի աշխատանքները։ Նախ Դամասկոսի վարչութիւնը վերակազմուեցաւ ու գործի լծուեցաւ։

Ապա նաեւ Քեսապի մասնաճիւղը. քեսապցիները նոր վերադարձած էին իրենց բնօրրանը։ Անոնք անմիջապէս իրենց առաջին ձեռնարկը՝ «Տոհմիկ Երեկոյ» մը կազմակերպեցին, փափաքեցան նաեւ երգչախումբ մը կազմել։ Առաջարկեցինք ամրան արձակուրդի օրերուն Հալէպէն  Տիկին Գայիանէին վստահիլ նաեւ այս աշխատանքը ։ Տիկին Գայիանէն երկու տարի յաջորդաբար ղեկավարեց «Կիլիկիա» երգչախումբը, որ որակաւոր ելոյթներով ներկայացաւ քեսապահայութեան։

Յաջորդ վերակազմակերպուող մասնաճիւղը Լաթաքիոյ մասնաճիւղն էր։ Նոր վարչութիւն նշանակուեցաւ ու մասնաճիւղը գործել սկսաւ։ Լաթաքիոյ մեր ընկերները փափաքեցան պարախումբ մը յառաջացնել։ Հալէպահայ Վրէժ Թերզեան պարուսոյց նշանակուեցաւ եւ «Գառնի» պարախումբը կազմուեցաւ ։

Գամիշլիի հետ ալ կապ հաստատեցինք, սակայն համազգայնականներուն մեծամասնութիւնը գաղթած էր։ Գամիշլիի մասնաճիւղը առայժմ չի գործեր։

Հալէպի Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկը յաւելեալ դասախօսներու կարիք ունէր, եթէ մեր պայմանները ներէին եւ կարենայինք դասախօսներ աշխատանքի հրաւիրել, կը կարծեմ թէ հայագիտականի ուսանողներուն թիւը կը կրկնապատկուէր։ Այսօր ուսանողներուն թիւը 45 է։ Դասախօսներն ու տնօրէնութիւնը ամենածանր պայմաններուն մէջ իսկ շարունակեցին իրենց ծառայութիւնը եւ հիմնարկը երբեք չփակեց իր դռները ուսանողներուն դիմաց։ Շրջանային Վարչութեան որոշումով Հայագիտականէն ներս ուսումը անվճար դարձաւ, սա նոր ուսանողներ ներգրաւելու առիթ հանդիսացաւ։

2017-ին Երեւանի Պետական Համալսարանին եւ Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկին գործակցութեամբ Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան հովանաւորութեամբ Հայոց Պատմութեան առցանց դասընթացք կազմակերպուեցաւ, որուն մասնակցեցան 15 հալէպահայեր։

«Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցի աշխատանքը Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տան մէջ դժուար կ’ընդանար։ Աշակերտները երբեմն անցքերուն մէջ իրենց փորձերը կը կատարէին։ Հետագային Ազգ.Վարչութեան եւ Ազգ. Միացեալ վարժարանի հոգաբարձութեան հետ խորհրդակցաբար, որոշեցինք օգտագործել վարժարանի կառոյցը։ Աշակերտութեան թիւը հասաւ 104-ի, տեղական ուժերու վստահելով շարունակուեցաւ երաժշտանոցին ընթացքը։ 2017-ի աւարտին հայրենի արուեստագէտ Արմէն Ճէնտէրէճեան Երեւանէն Հալէպ ժամանեց մեր հրաւէրին ընդառաջելով եւ երկու ամիս սիրայօժար, մասնագիտական իր ցուցմունքներով ծառայեց երաժշտանոցին։

Թատերական յանձնախումբը վայրի դժուարութիւն ունէր։ Ներկայիս բարեբախտաբար վերանորոգել սկսանք Ազգ. Զաւարեան վարժարանի կառոյցը, որ տրամադրելի պիտի ըլլայ Համազգայինին։  Թատերական յանձնախումբը կը պատրաստուի Պերճ Զէյթունցեանի «Մեծ Լռութիւն»ը երկի ներկայացումին՝ բեմադրիչ Յովհաննէս Պանտաքի հսկողութեամբ։

«Գ.»- Այսպիսի դժուարին պայմաններու մէջ մշակութային կեանք պահելը ինչպիսի՞ անդրադարձ ունեցաւ գաղութի հայութեան վրայ։

Կ.Ա.- Սուրիահայութիւնը հաց ու ջուրի պէս պէտք ունի մշակութային, մարմնամարզական միութիւններուն։ Սուրիահայութիւնը չի կրնար գոյատեւել առանց մշակոյթի։ Երգը պիտի ապրի, պարը պիտի ապրի, արուեստը պիտի ապրի ու ապրեցնէ մեր ժողովուրդը։

* * *

Մեր զրոյցը շարունակեցինք Համազգայինի Կ.Վարչութեան անդամ Կարօ Մանճիկեանի հետ։

«Գանձասար»- Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը Սուրիոյ պատերազմի օրերուն ի՞նչ քայլերու դիմեց պահելու սուրիահայութեան մշակութային կեանքը։

Կարօ Մանճիկեան- Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը Երեւանի մէջ գումարուած իր վեցերորդ եւ եօթերորդ պատգամաւորական ժողովներու որոշումներուն ընդառաջելով գործնական քայլերու դիմած էր Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան նիւթաբարոյական աջակցութիւն ցուցաբերելու համար։ Իսկ սուրիահայութիւնը գոյատեւելու այդ զօրաւոր կամքը ցոլացուցած էր արդէն՝ ի պատիւ բարոյական արժէքներ մարմնաւորող համազգայնականներուն։

Եթէ դժուարութիւններ յաղթահարելու այդ կամքը գոյութիւն չունենար, ես չեմ կարծեր, որ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանը այսօր, եօթը տարի ուշացումով, 21-րդ Շրջանային Ներկայացուցչական ժողովը գումարել կարենար։ Այն ինչ որ քիչ առաջ լսեցինք տեղեկագիրներով նաեւ գրաւոր եւ բանաւոր արտայայտութիւններով, մենք ի վիճակի պիտի չըլլայինք լսելու։ Բնական է սուրիահայութեան կամքի ուժն էր, որուն արձագանգը հնչեց Համազգայինի Սուրիոյ բարձրագոյն ժողովով։ Համազգայինի մեծ ընտանիքին միակ շրջանը, որ նիւթական աջակցութիւն կը ստանար Կեդրոնական Վարչութենէն Սուրիոյ շրջանն էր։ Սուրիահայութիւնը գոյապայքար կը մղէր իր մշակոյթով եւս։ Սուրիահայութիւնը, մանաւանդ հալէպահայութիւնը, ռումբերու տարափին տակ բեղուն գործունէութիւն ծաւալեց ու  հայ մշակոյթին ջահը վառ պահեց։ Կաղացումներ բնականաբար պիտի արձանագրուէին, շրջանը տագնապի մէջ էր. ներկայիս Դամասկոսը կ’ապրի սուր տագնապ. մէկ ամիսէ ի վեր չեն գործեր Դամասկոսի հայկական վարժարանները, յատկապէս քրիստոնէաբնակ թաղերը, մօտ ըլլալով թէժ գիծերուն, վտանգի տակ են։

Համեմատաբար աւելի մեղմ վիճակի մէջ է Գամիշլիի հայահոծ շրջանը, սակայն ան ալ ունի իր իւրայատուկ պարագան եւ աշխարհագրական ու ռազմաքաղաքական պատճառներով կարելիութիւն չունի աշխուժացնելու մշակութային գործունէութիւնը։

Քեսապը երկու երեք տարիէ ի վեր վերականգնած է արդէն։

Լաթաքիան եւս, թէեւ աւելի տատամսոտ քայլերով, բայց վերջին հաշուով սկսած է վերագտնել իր բնականոն պայմանները։

Եթէ մենք կը խօսինք վերականգնումի ծրագիրներու մասին կամ սուրիահայութիւնը վերականգնելու յաւակնութիւնը ունինք, անոր մէջ Համազգայինը իր մեծ դերակատարութիւնը պիտի ունենայ, հոգեկան վերականգնումին նպաստելու, հոգեմտաւոր մշակոյթը ճարճատեցնելու եւ հոգիները այդ տաքութեամբ ամրապնդելու։

Այդ հաւատքը ունինք եւ այս ժողովէն այդ հաւատքով պիտի մեկնինք Երեւան՝ մասնակցելու Համազգայինի եօթերորդ պատգամաւորական ժողովին։

«Գ.»- Շնորհակալութիւն։ Յաջողութիւն կը մաղթենք Համազգայինիգործունէութեան։