Արժանթինի Հանրապետութեան Հայկական Հաստատութիւններ (ԱՀՀՀ) Կազմակերպութեան Նախագահն Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն
Մարտ 26-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Արժանթինի Հանրապետութեան հայկական հաստատութիւններ (ԱՀՀՀ) կազմակերպութեան նախագահ, ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Խաչիկ Տէր-Ղուկասեանը եւ ՀԲԸՄ Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղի պատուոյ նախագահ Ռուբէն Քեշիշեանը:
Ողջունելով հիւրերը` նախարարը կարեւոր համարեց ազգային գործիչներու` Արժանթինի հայ համայնքի պահպանման ու Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման ուղղուած հայանպաստ գործունէութիւնը, պատշաճ ուշադրութիւնը լեզուի եւ ինքնութեան պահպանութեան հարցերուն:
Խաչիկ Տէր-Ղուկասեան ներկայացուց մէկ տարի առաջ Արժանթինի հայ համայնքի ութ կազմակերպութիւններու նախաձեռնութեամբ ստեղծուած ԱՀՀՀ կառոյցի իրականացուցած աշխատանքները, խօսեցաւ յառաջիկայ ընելիքներու ու ծրագիրներու մասին:
Քննարկուեցան Արժանթինի մէջ 2018թ. Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100, Երեւանի 2800, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան 10 ամեակներու յոբելենական ձեռնարկներու կազմակերպման հարցեր:
Արժանթինի Հանրապետութեան հայկական հաստատութիւններ (ԱՀՀՀ) կազմակերպութեան նախագահը պատրաստակամութիւն յայտնեց աշխուժացնելու համագործակցութիւնը նախարարութեան հետ, յոբելենական օրերուն մշակութային ձեռնարկներ, ցուցահանդէսներ, ֆիլմերու ցուցադրութիւններ, ֆլեշմոպեր կազմակերպելու: