Հայաստանի ՄԷջ Օճառի Արտադրութիւնը Կը Շարունակէ Աճիլ

Հայաստանի մէջ օճառի արտադրութիւնը կը շարունակէ աճիլ: Այդ մասին կը վկայեն վիճակագրական տուեալները:
Ինչպէս կը տեղեկացնեն ՀՀ ազգային վիճակագրական ծառայութենէն, Հայաստանի մէջ օճառի արտադրութեան ծաւալն այս տարուան յունուարին նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ աճած է 67.3 տոկոսով եւ կազմած է 18.4 թոն: 2017 թ-ի յունուարին մեր երկրին մէջ արտադրուած է 11 թոն օճառ:
Վիճակագրութեան համաձայն` Հայաստանի մէջ 2.2 անգամ աւելցած է նաեւ լուացող, մաքրող եւ օսլայող միջոցներու արտադրութիւնը: Մասնաւորապէս, 2018թ-ի յունուարին արտադրուած է 205 թոն լուացող, մաքրող եւ օսլայող միջոցներ, իսկ 2017թ-ի նոյն ժամանակահատուածին ` 93.7 թոն: