Ամերիկահայ Վարագ Ղազարեան Քալերով Կը Շրջի Արցախի Գիւղերը
Մարտ 21-էն, ՀՅԴ ԱՄՆ երիտասարդական միութեան անդամ Վարագ Ղազարեան քայլարշաւի սկսած է Արցախի բոլոր շրջաններով:
Ըստ «Ապառաժ»-ի՝ Վարագ Ղազարեան տեղեկացուցած է, որ գաղափարը յառաջացած է Հայաստանի մէջ ամերիկեան Peace Corps կազմակերպութեան կողմէ «Սահմանէ սահման» ծրագրին մասնակցելու ընթացքին, որուն ծիրէն ներս արդէն 8 ամիսէ կը գտնուի Հայաստան:
Վարագ կը նախատեսէ քալելով շրջիլ Արցախի բոլոր շրջաններու 28 գիւղերով, տեղի դպրոցականներու հետ խօսիլ առողջ ապրելակերպի մասին, լսել գիւղացիներու պատմութիւնները եւ անձմաբ տեսնել Արցախի մէջ ապրողներու կենցաղն ու սովորութիւնները: