Արցախին Աջակցելու Կոչ` Աւստրալիոյ Կառավարութեան

Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը կոչ ուղղած է Աւստրալիոյ կառավարութեան` աջակցելու Արցախին:
Քանեփերրայի խորհրդարանի արտաքին գործոց եւ աջակցութեան միացեալ յանձնախումբի նիստի բացման, Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Գայսէրեան, հանդէս գալով աւստրալահայութեան անունով, յորդորած է կառավարութիւնը` մարդասիրական օգնութեան սահմանները տարածել դէպի Արցախի Հանրապետութիւն:
Ան կոչ ուղղած է աւելի հաւասարակշռուած մօտեցում ցուցաբերելու Արցախին, նաեւ վերատեսութեան ենթարկելու Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ Աւստրալիոյ դիրքորոշումը:
Ասիկա առաջին անգամն է, որ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը կը դիմէ Աւստրալիոյ կառավարութեան` Արցախին օգնութիւն ցուցաբերելու խնդրանքով:
Կոմիտէն եւ անոր ենթայանձնախումբերը արտաքին հարցերու մասին տուեալներ եւ խորհրդատուութիւն կը տրամադրեն Աւստրալիոյ Ծերակոյտին, Ներկայացուցիչներու տան եւ նախարարներուն: Արտաքին գործոց եւ աջակցութեան ենթայանձնախումբի անդամներուն մէջ կան 19 ծերակուտականներ եւ երեսփոխաններ: