Վատիկանի ՄԷջ Նարեկացիի Արձանի Տեղադրման Աշխատանքներն Աւարտեցին. Դեսպան Մինասեան Մանրամասներ Կը Յայտնէ

Վատիկանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Միքայէլ Մինասեան մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է Գրիգոր Նարեկացիի արձանի տեղադրման աշխատանքներուն մասին:

«Արմենպրես»-ի հաղորդմամբ` Միքայէլ Մինասեան իր դիմատետրի էջին վրայ գրած է, որ 2016 թուականի յունիսին Հռոմի պապ Ֆրանչիսկոսի Հայաստան այցի ծիրէն ներս նախագահ Սերժ Սարգսեան Սրբազան Քահանայապետին նուիրեց Գրիգոր Նարեկացիի արձանի մանրակերտը` որպէս առաջին քրիստոնեայ երկիր Պապի ուխտագնացութեան խորհրդանիշ: Արձանը Սրբազան Քահանայապետին նուիրելուն նախագահ Սարգսեան յոյս  յայտնած է, որ ատոր մեծ տարբերակն ապագային կը տեղադրուի Վատիկանի մէջ: Պապը հաւնեցաւ արձանն ու շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահին` տալով իր համաձայնութիւնը:

«Կարճ ժամանակ անց ստեղծագործական խումբը` Հայաստանի ժողովրդական նկարիչ, Նարեկացիի արձանի հեղինակ Դաւիթ Երեւանցիի գլխաւորութեամբ գործի անցաւ: Ճարտարապետ Միքայէլ Հասրաթեան եւ  ծրագիրի ղեկավար Վարդան Կարապետեան  աշխուժօրէն ներգրաւուեցան արձանի ստեղծման աշխատանքներուն, իսկ ընկերս` Արթուր Ջանիբեկեան, որ, ի դէպ, աշխարհի մէջ Նարեկի տարածման իսկական նուիրեալ է, միացաւ ինծի` դառնալով արձանի երկրորդ բարերարը:  Ստեղծագործական խումբի քրտնաջան աշխատանքի արդիւնքով Չեխիոյ մէջ ձուլուեցաւ  Գրիգոր Նարեկացիի 2 մեթրանոց պրոնզէ արձանը, որուն տեղադրման աշխատանքները Վատիկանի այգիներուն մէջ այսօր աւարտեցին»,-նշած է Միքայէլ Մինասեան:

Scroll Up