«Քարվաճառ․ Վերակառուցենք Արցախը Միասին» Խորագիրով Բարեգործական Դրամահաւաք-ընթրիք Կլենտէյլի Մէջ

ԱՄՆ Քալիֆորնիա նահանգի Կլենտէյլ քաղաքին մէջ, Մարտ 18-ին, կայացած է «Քարվաճառ․ վերակառուցենք Արցախը միասին» խորագիրով բարեգործական դրամահաւաք-ընթրիքը, որմէ ստացուած ողջ հասոյթը պիտի ուղղուի Շահումեանի շրջանի Քարվաճառ համայնքի Մշակոյթի կեդրոնին վերականգնման աշխատանքներուն:

Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ ԱՄՆ-ի մէջ գործող «Արարատ» հիմնադրամի ղեկավար Ֆրէտ Վարդանեան՝ ողջունելով ներկաները` կարեւոր համարած է Հայրենիք-Սփիւռք կապերուն ամրապնդումն ու Արցախի շէնացումը եւ ներկայացուցած է ծրագիրով նախատեսուած գործողութիւնները, որոնց իրականացման պիտի ուղղուին հաւաքուած գումարները: «Project Artsakh-Rebuilding Karvajar» ծրագիրով կը նախատեսուի անմխիթար վիճակի մէջ գտնուող շինութեան հիմնանորոգումը, 300 հոգիի համար նախատեսուած դահլիճին վերանորոգումը, համալրումը նորագոյն ճարտարագիտական սարքերով` ձայնային եւ լուսային նորագոյն համակարգերու ներդնում, 350 ք/մ տարածքին հինգ արուեստանոց աւելցնելը եւ շրջակայքի բարեկարգումը»,- ըսած է Ֆ. Վարդանեան:

Նախաձեռնութեան ղեկավար, գրող, հասարակական գործիչ Արա Ահարոնեան՝ շնորհակալութիւն յայտնելով ձեռնարկի մասնակիցներուն աջակցութեան եւ պատրաստակամութեան համար՝ մասնաւորապէս նշած է․ «Քարվաճառի մշակոյթի կեդրոնին հիմնանորոգումով մենք պիտի կառուցենք աւելի լաւ ապագայ համայնքին եւ ողջ տարածաշրջանին համար` մշակութային կեանքի աշխուժացման, ինչպէս նաեւ աշխատատեղեր աւելցնելու հնարաւորութեան տեսանիւնէն»:

Նախաձեռնութեան անդամ «Պատիւ» ռազմահայրենասիրական միութեան նախագահ Ստեփան Գումրիկեան, որ զուգահեռաբար ձեռնամուխ եղած է Շահումեանի շրջանի Նոր Էրքեջ գիւղի դպրոցին հիմնանորոգման աշխատանքներուն, նշած է, որ միայն դպրութեան եւ մշակոյթի կարեւոր օղակներուն ամրապնդումով կը յարատեւէ մեր ազգը: Ահա թէ ինչու այսչափ կարեւոր կը համարուին մշակութային օճախներու նորոգման աշխատանքները Արցախի մէջ:

Իսկ բարերար Յարութ Պրոնոզեան, որ ծրագիրին համար նուիրաբերած է 15.000 ԱՄՆ տոլար, նշած է, որ իւրաքանչիւր հայ անվերապահօրէն եւ առանց երկար մտածելու պէտք է գործէ` յանուն Արցախի եւ Հայաստանի բարօրութեան:

Ձեռնարկին ընթացքին տեսաուղերձով հանդէս եկած է Քարվաճառի քաղաքապետը, ընթերցուած է Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի ուղերձը:

Դրամահաւաք-ընթրիքին ներկայ եղած են Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ հիւպատոս Ռազմիկ Ստեփանեանը, ԱՄՆ Քալիֆորնիա նահանգի Ասամպլէայի անդամ Ատրին Նազարեանը, հայ աւանդական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, պաշտօնատար այլ անձեր եւ հոգեւոր այրեր:

Նշենք, որ «Project Artsakh-Rebuilding Karvajar» յանձնախումբը՝ «Արարատ» հիմնադրամին հետ համատեղ ջանքերով՝ տարբեր բարերարներու կողմէ նուիրաբերած 20.000 ԱՄՆ տոլար հասոյթով արդէն իսկ սկսած են կեդրոնի տանիքին հիմնանգնման աշխատանքները:

Scroll Up