Վարչապետին Ներկայացուած Է Գիւմրիի ՄԷջ Խոհարարական Դպրոց Հիմնելու Ծրագիրը

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան ընդունած է «Թումօ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնի գլխաւոր գործադիր տնօրէն Մարի Լու Փափազեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ էին ֆրանսական Paul Bocuse խոհարարական հիմնարկի գործադիր փոխնախագահ Հերվ Ֆլեօրին, ֆրանսահայ բարերար Րաֆֆի Տէրտէրեանը եւ ուրիշներ:
Հիւրերը վարչապետ Կարապետեանին ներկայացուցած են Գիւմրիի մէջ խոհարարական դպրոց հիմնելու նախաձեռնութիւնն ու ծրագիրները, որուն մէջ պիտի ներդրուի Paul Bocuse հիմնարկի փորձն ու հնարաւորութիւնները:
Ծանօթանալով նախաձեռնութեան մանրամասներուն` Կարէն Կարապետեան ողջունած եւ կարեւոր համարած է ծրագիրի իրականացումը: «Համոզուած եմ, որ այն լինելու է յաջողուած, մտածելակերպ փոխող եւ անհրաժեշտ Գիւմրիի համար»,- ընդգծած է վարչապետը` ` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը պատրաստ է աջակցելու ծրագիրի իրականացման: