Արցախի Շարժման 30-ամեակին Առիթով «Ազդակ»-ն Ու «Ապառաժ»-ը Կը Հրատարակեն Միացեալ Թիւ

Հայոց ամէնէն ժամանակակից պատմութեան ճակատագրորոշ շարժումին 30-ամեակին առիթով «Ազդակ» օրաթերթն ու Արցախի մէջ լոյս տեսնող ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Ապառաժ» շաբաթաթերթը կը հրատարակեն միացեալ թիւ:
Յաւելուածի ձեւաչափով լոյս տեսնելիք այս հրատարակութեան բովանդակութեան կը ներառուին յուշագրական, պատմողական, գաղափարական եւ վերլուծական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ շարժման եւ ազատամարտին մասնակցած անձնաւորութիւններու յուշեր, լուսանկարներ:
Նախատեսուած է, որ յաւելուածը լոյս տեսնէ 20 փետրուարին: