Եգիպտոսի Խորհրդարանի Պատգամաւորները Կոչ Ըրած են Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւելու Հոլանտայի Օրինակին

Եգիպտոսի խորհրդարանի Պաշտպանութեան եւ ազգային անվտանգութեան յանձնախումբի նախագահի տեղակալ Եահիա Քիտուանի եւ Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի քարտուղար Թարէք Խուլի կրկին արծարծած են 1915 թուականի հայերու կոտորածները որպէս ցեղասպանութիւն ճանչնալու հարցը:
Երկու պատգամաւորները վկայակոչած են Հոլանտայի խորհրդարանի օրինակը եւ Եգիպտոսի խորհրդարանէն պահանջած են նմանօրինակ որոշում:
Ըստ Քիտուանիի` անհրաժեշտ է նման քայլ ձեռնարկել հակադարձելու համար Թուրքիոյ շարունակուող ոտնձգութիւններուն: Ան աւելցուցած է, որ Հայոց կոտորածները պատմական իրողութիւն են, եւ բոլորն ալ պարտաւոր են յստակ դիրքորոշում ունենալու:
Իր հերթին, Թարէք Խուլի լրատուամիջոցներուն տուած հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ Եգիպտոսը պատմութեան ականատեսն է` ապաստան տալով հայերուն:
«Ջարդերը վերապրածներու թոռները կ՛ապրին մեզի հետ, հետեւաբար Օսմանեան պետութիւնը վերակենդանացնելու ծրագիրները պէտք է բացայայտել եւ փշրել Թուրքիոյ հետապնդած ծաւալապաշտական երազները»,-ըսած է ան: