Մայրենիի Օրը` «Նռանի» Կիրակնօրեայ Դպրոցին ՄԷջ

«Հայերն այսօր»-ի տեղեկացմամբ, Ֆրանսայի Իսի լէ Մուլինօ քաղաքի «Նռանի» արուեստներու կիրակնօրեայ դպրոցին մէջ փետրուար 21-ին տեղի ունեցած է Մայրենիի օրուան նուիրուած ձեռնարկ եւ«Անահիտ» հայկական ֆիլմի դիտում: Ձեռնարկի կազմակերպիչները եղած են Նարինէ Սարգսեանն ու Արմինէ Գաբրիէլեանը:
Աւելցնենք նաեւ, որ արուեստներու կիրակնօրեայ դպրոցին մէջ, որուն հիմնադիրն է Աննա Մաճկալեանը, կը դասաւադուին հայոց լեզու, մշակոյթ,պատմութիւն, թատրոն: