Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ Տեղի Ունեցաւ Խորհրդակցութիւն

Փետրուար 26-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան իրականացուց խորհրդակցութիւն:

Խորհրդակցութեան մասնակիցները ներկայացուցին շաբթուան ընթացքին կատարած աշխատանքները, զեկուցեցին յառաջիկայ ընելիքներու ու ձեռնարկներու մասին:

Նախարարը կարեւոր համարեց «Հայրենադարձութեան մասին» օրէնքի նախագիծի վերջնական ամփոփումը, «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի, Սփիւռք» ամառնային դպրոցի, Լրագրողներու 9-րդ եւ ճարտարապետներու ու ճարտարագէտներու չորրորդ համաժողովներու, համահայկական երիտասարդական ժողովի նախապատրաստական աշխատանքներու պատշաճ ընթացքը, Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100 ամեակներուն նուիրուած համայնքային ձեռնարկներու իրականացումը, հայաստանեան բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ սփիւռքահայ ուսանողներուն հետ տարուող աշխատանքները:

Ամփոփուեցան Մայրենիի օրուան նուիրուած Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ իրականացուած ձեռնարկներու արդիւնքները:

 

Scroll Up