Սփիւռքի Նախարարն Ընդունեց Ռումանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը

Փետրուար 23-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Ռումանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Տաթեւ եպիսկոպոս Յակոբեանը:
Ողջունելով Թեմակալ Առաջնորդը` նախարարը կարեւոր համարեց անոր ազգանուէր եւ հայապահպան գործունէութիւնը, նախանձախնդիր վերաբերմունքը համայնքային եւ եկեղեցական հարցերու լուծմանը:
Նախարարը կարեւոր նկատեց համայնքին մէջ սփիւռքի նախարարութեան 2018 թուականի ծրագիրներու հանրահռչակումը, երիտասարդներու ներգրաւումը:
Հանդիպման աւարտին քննարկուեցան նաեւ Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման, ներդրումներու խթանման, հայրենադարձութեան խրախուսման ուղղուած ձեռնարկները: