Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ Տեղի Ունեցաւ Սուրիահայերու Հիմնախնդիրները Համակարգող Միջգերատեսչական Յանձնաժողովի Նիստը
Փետրուար 23-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի նիստը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ողջունելով յանձնաժողովի անդամները` նախարարն անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ սուրիահայերու ընդելուզման ուղղութեամբ վերջին տարիներուն իրականացուած աշխատանքներուն եւ նշեց, որ շատ կարեւոր է ճշգրիտ տեղեկատուութիւն ունենալ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ:
Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ տիրող իրավիճակի եւ հայ համայնքներու խնդիրներու մասին զեկուցումով հանդէս եկաւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Արմէն Պապիկեան: Ան նշեց, որ սուրիական հակամարտութիւնը թեւակոխած է նոր փուլ, կը շարունակուին ջանքերը սուրիական հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ: Անդրադառնալով հայկական համայնքէն ներս տիրող իրավիճակին` զեկուցողը նշեց, որ կը կատարուին վերակառուցման աշխատանքներ, բացուած է մօտ 1000 աշխատատեղ: Գնահատելով Իրաքի մէջ տիրող իրավիճակը` ան նշեց, որ թէեւ Իրաքի նորագոյն պատմութեան մէջ 2017 թուականն առանձնացած է որպէս ամենադրական եւ խոստումնալից տարի, ազատագրուած է երկրի տարածքներու մօտ 95 տոկոսը, սակայն հայ համայնքի գլխաւոր խնդիրը կը շարունակէ մնալ անկայուն, վտանգաւոր վիճակը, անորոշութիւնը, դժուարին ընկերային պայմանները:
2017 թուականին ՀՀ քաղաքացիութիւն եւ կացութեան կարգավիճակ ստացած սուրիահայերու վերաբերեալ տեղեկատուութիւն ներկայացուց ՀՀ ԿԱ ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան պետ Մնացական Բիչախչեան: Զեկուցողն անդրադարձաւ նաեւ ծագած հիմնախնդիրներուն, որոնք հիմնականին մէջ կը վերաբերին ՀՀ քաղաքացիութիւն եւ կացութեան կարգավիճակ ձեռք բերելուն: «Այս տարի ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալու համար դիմած է 1208 սուրիահայ եւ 1433 լիբաբանահայ», – աւելցուց ան:
ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչ Քրիստոֆ Պիերուիրթը ներկայացուց 2017թ. իրականացուած աշխատանքները եւ 2018թ. ծրագիրները: Զեկուցողը կարեւոր համարեց սուրիահայերու վերաբերեալ յստակ տուեալներու հիմքի ստեղծումը, ուր ներկայացուած կ’ըլլան ստոյգ տեղեկութիւններ անոնց թուաքանակի, տեղաշարժերու, կացութեան, զբաղուածութեան վերաբերեալ: Ան նշեց, որ պէտք է ամրագրել յաջողութիւնները, մշակել ընդելուզման ռազմավարութիւն եւ շարունակել տեղահանուած բնակչութեան կայուն զարգացման քաղաքականութիւնը:
Գերմանիոյ միջազգային համագործակցութեան ընկերութեան (GIZ) ծրագիրի փորձագէտ Կարինէ Սիմոնեան զեկուցեց սուրիահայերու տնտեսական ընդելուզման ուղղութեամբ իրականացուած ծրագիրներու մասին, մասնաւորապէս ներկայացուց սուրիահայերու գործի կայացման ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքները:
Ամփոփելով նիստը` սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց սուրիահայերու ներգարաւման ուղղուած տնտեսական, առողջապահական, կրթական եւ ընկերային ծրագիրներու շարունակականութիւնը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց գործընկեր կազմակերպութիւններուն` կատարած աշխատանքներու համար եւ հրաւիրեց մարտ 6-ին մասնակցելու սուրիահայերու ձեռքի աշխատանքներու ցուցահանդէս տօնավաճառին: