Հանդիպում Սփիւռքահայ Ուսանողներու Հետ
Փետրուար 22-ին Հայաստանի պետական տնտեսագիտական համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում համալսարանի սփիւռքահայ ուսանողներու հետ: Հանդիպման ներկայ էին ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Վահագն Մելիքեան, Համահայկական ծրագիրներու վարչութեան պետ Գագիկ Գեանջումեան, ՀՊՏՀ տնօրէն Կորիւն Աթոյեան, Ուսանողական խորհուրդի նախագահ Յովհաննէս Յարութիւնեան «Սփիւռքահայ ուսանողներու խորհուրդ» ՈւՀԿ-ի (ՍՈՒԽ) հիմնադիր, հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Սամուէլ Մկոյեան:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Սուխ լրատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու պատասխանատու Արփի Պետրոսեան, Սամուէլ Մկոյեան ներկայացուց 2010 թուականէն մինչ օրս ՍՈՒԽ-ի կատարած աշխատանքները: Այս տարիներուն ընթացքին ՍՈՒԽ-ը կազմակերպած է աւելի քան 300 ծրագիրներ, դասընթացներ, դասախօսութիւններ, մշակութային հանդիպումներ, համերգներ եւ շատ այլ ձեռնարկներ:
Հանդիպման ընթացքին ուսանողները խօսեցան ուսման ընթացքին իրենց ունեցած դժուարութիւններուն մասին: Վ. Մելիքեան, տնօրէն Կ. Աթոյեան նշեցին, որ ուսանողները իւրաքանչիւր հարցով կրնան դիմել անոնց, որպէսզի հնարաւորինս արագ լուծում տրուին յառաջացած խնդիրներուն: «Մենք միշտ փորձած ենք բոլոր ուսանողներուն իւրաքանչիւր հարցով օգնել, բայց այսուհետ կ’աշխատինք աւելի հետեւողական ըլլալ սփիւռքահայ ուսանողներու խնդիրներուն»,- ըսաւ ՀՊՏՀ ուսանողական խորհուրդի նախագահ Յովհաննէս Յարութիւնեան:
Սա ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ ՍՈՒԽ-ի ներկայացուցիչներու այս տարուան առաջին հանդիպումն էր սփիւռքահայ ուսանողներու հետ: Յառաջիկային կը նախատեսուի այցելել Հայաստանի բոլոր համալսարանները: