ԱՄՆ Քոլորատօ Նահանգին ՄԷջ Հայկական Շաբաթօրեայ Դպրոց Բացուած Է

Օտարութեան մէջ գտնուող հայ երեխաներուն հայեցի կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն տալու, ուծացման վտանգէն զերծ պահելու նպատակով ԱՄՆ Քոլորատօ նահանգի Տենուէր քաղաքի հայկական համայնքին մէջ 2017 թուականի նոյեմբեր ամսուն շաբաթօրեայ դպրոց  բացուած է:

Դպրոցն ունի 4-16 տարեկան քառասուն աշակերտ, որոնց հայոց լեզու եւ հայրենագիտութիւն կը դասաւանդուի: Յառաջիկային նաեւ հայկական պար պիտի ուսուցանուի: Դպրոցի տնօրէնը Ռուզաննա Աւետիսեանն է:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ դպրոցի հայոց լեզուի ուսուցչուհի Գայեանէ Զաքարեան, համայնքի աջակիցներու օգնութեամբ գործող կրթօճախին մէջ ամէն ջանք կը գործադրեն` աշակերտներուն հայկական պատմութեան, մշակոյթին ծանօթացնելու եւ հայոց լեզուի պահպանման ուղղութեամբ:

«Ծնողներն իրենց երեխաներուն մեծ ոգեւորութեամբ մեզ մօտ կը բերեն հայերէն սորվելու, քանի որ մտահոգ են անոնց ինքնութեան խնդրով: Նոյնիսկ այն ծնողները, որոնք օտարազգի են: Վերջիններս ամուսնացած ըլլալով հայերու հետ` կը փորձեն ոչ միայն իրենք, այլեւ իրենց երեխաները մօտ պահել հայկական արմատներուն»,-նշեց Գայեանէ Զաքարեան:

Արդէն հասցուցած են երկու ձեռնարկ կազմակերպելու` նուիրուած Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն եւ «Ա» տառի հանդիսաւոր բացման: Ամանորեայ հանդէսին ներկայ  եղած են Քոլորատոյի հայկական կազմակերպութեան (AOC) ներկայացուցիչները, համայնքային անդամներ, ծնողներ եւ այլ հիւրեր:

Աւելցնենք նաեւ, որ յառաջիկային ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը` Սփիւռքի հայկական կրթօճախներուն ուսումնական գրականութիւն եւ օժանդակ նիւթեր տրամադրելու ծրագիրի ծիրէն ներս աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ Քոլորատոյի հայկական նորաբաց շաբաթօրեայ դպրոցին:

Scroll Up