Հպարտ Ենք Քեզմով, Հա՛յ Զինուոր. Մարսէլի «Խաչատուր Աբովեան» Վարժարանի Սաներ

«Հայերն այսօր»-ը կը ներկայացնէ Մարսէլի «Խաչատուր Աբովեան» վարժարանի նախագահ Կարէն Խուրշուդեանի նամակը` ուղղուած Հայոց բանակի զինուորներուն.

«Իմ քաջ զինուոր, իմ սահմանապահ, տօ՛նդ շնորհաւոր, եղիր առողջ, յաջողակ եւ անփորձանք: Հարցնել, թէ ինչպէս ես, կարիք չեմ տեսներ, քանի որ գիտեմ, թէ ինչ կ’ապրիս եւ ինչպէս կը վերապրիս ամէն մէկ օրդ: Վստահ եմ, որ չես երկնչիր եղանակի բիրտ դրսեւորումներէն: Դուն քարի պէս անհնազանդ ես անոր: Քու սրտիդ մէջ կը վառի ազգի` յաւերժական ջերմութիւն հաղորդող ճրագը, քու հոգիիդ մէջ խառնուած են սէրն ու կարօտը, վախն ու արիութիւնը: Ուսերուդ վրայ կը կրես հայ ազգի ապահովութեան, խաղաղութեան պատասխանատուութեան դժուարին բեռը:

Քեզ քաջալերելու համար Մարսէլի «Խաչատուր Աբովեան» վարժարանի առաջին դասարանի սաներն իրենց առաջին նամակը կ’ ուղարկեն դէպի Արցախի Հանրապետութիւն:

Խիզախ բառով անոնք փորձած են պատկերացնել քեզ` սահմանապահ հայ զինուորին: Անոնք ուղղած են իրենց առաջին մանկական թոթովանքներն ու սորված տառերը` մայրենիի եւ հայրենիքի իրական պաշտպաններուն, այսինքն` քեզ:

Մենք քեզի շատ կը սիրենք, անհամբեր կը սպասենք քու վերադարձիդ: Հպարտ ենք քեզմով, հա՛յ զինուոր, հայ սահմանապահ, Հայոց բանակ, որ ամէն քաջ զինուորով աւելի  կ’ամրանան» :

Կից կը ներկայացնենք վարժարանի սաներու նամակ-բացիկները.

 

Scroll Up