Մայրենիին Նուիրուած Դաս-Ձեռնարկ ՌԴ Տիւմէն Քաղաքին ՄԷջ

Հայոց լեզուն կարծես անտեսանելի ժապաւէնով կը կապէ աշխարհով մէկ սփռուած հայերուն: Այս գաղափարի գիտակցումը ինկած է Մայրենիի օրուան նուիրուած հերթական ձեռնարկի հիմքին, որ տեղի ունեցաւ փետրուար 18-ին ՌԴ Տիւմէն քաղաքի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հայկական մշակոյթի կեդրոնին մէջ: Ամէն անգամ, երբ կրթօճախին մէջ կը լսուի հայկական երգն ու ծիծաղը, կը թուի` մէկ ոտնաչափ կը դառնան հայրենիքէն բաժնող քիլոմեթրերը:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն կազմակերպիչները, կեդրոնի նախապատրաստական եւ միջին խումբերու սաները բանաստեղծութիւններ, երգեր եւ ասոյթներ հնչեցուցին մաքուր հայերէնով:
«Մշակութային ժառանգութեան պահպանման ու զարգացման համար լեզուն ամենաուժեղ գործիքն է: Այն ազգային ինքնութեան պահպանման առհաւատչեան է», -կարեւոր համարեց դպրոցի հայոց լեզուի ուսուցչուհի Ալվան Պօղոսեան` արժեւորելու ձեռնարկի դերն ու նշանակութիւնը նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան գործին մէջ:
Ցուցադրուեցաւ տեսահոլովակ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի շնորհաւորական ուղերձով:
Ձեռնարկին երկրորդ մասը նուիրուած էր Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան տարեդարձին: Կեդրոնի սաները ներկայացուցին Ամենայն Հայոց բանաստեղծի կեանքն ու գործունէութիւնը` տեսահոլովակի ուղեկցութեամբ: Նախապատրաստական խումբի սաները ցուցադրեցին «Շունն ու կատուն», «Փիսիկի գանգատը» բեմականացումները, իսկ միջին խումբին մէջ` մեծ բանաստեղծի քառեակները, բանաստեղծութիւնները («Ամէնէն լաւ տունը», «Հին оրհնութիւն», «Հայոց վիշտը»….), դրուագները բանաստեղծութիւններէն («Թմբկաբերդի առում», «Անուշ»…)` յուզմունք պատճառելով հանդիսատեսին:
Արդէն աւանդոյթ դարձած մրցոյթի յաղթողները պարգեւատրուեցան Թումանեանի պատկերը կրող հինգ հազար դրամանոցի կրկնօրինակներով, որ ոգեւորեց անոնց, եւ որոշեցին պահպանել որպէս յուշ:
Բարձր տպաւորութիւններով կիսուեցան նաեւ ձեռնարկին ներկայ հիւրերը, որոնք կարօտով լեցուած կ’երգէին հայկական հին ու նոր երգերը:
Շնորհակալական խօսք ուղղուեցաւ դասվարին եւ դպրոցի ուսուցչական անձնակազմին (տնօրէն` Ռ. Դանիէլեան)` արժեւորելով նման ձեռնարկներու նշանակութիւնը հայ ժողովուրդի համախմբուածութեան գործին մէջ:
Ձեռնարկը աւարտեցաւ, բայց միայն սենարով: Վայրկեաններ անց այս «Փոքրիկ Հայաստանի» իւրաքանչիւր անկիւնէն կը լսուէր` «Ամպի տակից ջուր է գալիս…»: