Նախագահին Խօսքով` Թուրքիան Հակադրուած Է Եւրոպական Արժէքներուն. Շահան Գանտահարեան
Ի պատասխան «Նոյեան տապան»-ի թղթակիցի խնդրանքին` մեկնաբանել ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի միւնիխեան ելոյթի` Հայաստան – Թուրքիա յարաբերութիւններուն վերաբերող հատուածը, Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան նշած է․
«ՀՀ նախագահի միւնիխեան ելոյթի` Երեւան-Անգարա յարաբերութիւններու բաժինը նախաբանն է արձանագրութիւններու չեղարկման, ուր կայ ընդգծուած հետեւողականութիւն: Միւնիխի մէջ ըսուածը վերջին հանգրուանն է` Սահմանադրական դատարանի ամրագրած վերապահումներէն ետք, խորհրդարանի օրակարգէն եւ ապա խորհրդարանէն յետ քաշելու, արձանագրութիւնները գրողի ծոցն ուղարկելու, ապա մինչեւ գարուն չեղեալ յայտարարելու հրապարակային ելոյթի:
Կը կարծեմ նաեւ, որ այնտեղ լիարժէք օգտագործուած է Եւրոպայի կամ, առհասարակ, միջազգային հանրութեան հետ խօսելու քաղաքական լեզուն: Պարզ տեսքով կ’ըսուի, որ հակառակ Երեւանի նախաձեռնութեան, հակառակ ամէն ինչ ընելուն, նոյնիսկ հայ ժողովուրդի կարեւոր հատուածին` Սփիւռքի ցուցաբերած սուր զգայնութեանը, Անգարան չէ ընդառաջած միջազգային ընտանիքի եւ հայկական կողմի քայլերուն:
Այստեղ եւս, ինչպէս եւ Արցախեան հարցի կարգաւորման գործընթացին մէջ, ինչպէս Ատրպէյճանը, այնպէս ալ Թուրքիան խաղաղարար գործընթացքի կամ յարաբերութիւններու կարգաւորումը արգելակող կողմ կը ներկայացուին:
Կարեւոր է նաեւ այն, որ կը հաստատուի, որ պայմանները փոխուած են եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններ մշակելու համար անհրաժեշտ է նոր փաստաթուղթ: Այսինքն, Թուրքիոյ գործելակերպին պատճառով արձանագրութիւնները կեանքի չկոչուեցան, հետեւաբար, Երեւանը պատրաստ է երթալու յարաբերութիւններու կարգաւորման նոր գործընթացքի մեկնարկի` մշակելի նոր փաստաթուղթերու հիման վրայ:
Նախագահին խօսքով Թուրքիան հակադրուած է եւրոպական արժէքներուն` փակած է սահմանը, շրջափակած մեր Հանրապետութիւնը, շարունակած նախապայմանային քաղաքականութիւնը եւ չէ վաւերացուցած արձանագրութիւնները: Անգամ այս պայմաններուն մէջ Երեւանը, նախանշելով արձանագրութիւններու չեղարկումը, պատրաստակամութիւն կը յայտնէ վերսկսելու բանակցութիւնները, բայց նոր փաստաթուղթի հիման վրայ, ուր պէտք չէ ըլլան նախապայմանային իրաւադրոյթներ:
Կը կարծեմ` լիարժէք աշխատած է Թուրքիային եւրոպական քաղաքական արժեհամակարգին հակադրելու մօտեցումը»: