Տեառնընդառաջը՝ Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Մէջ
«Գանձասար»-Երեքշաբթի, 13 Փետրուար 2018-ին, Տեառնընդառաջի նախատօնակին առիթով, Հալէպի Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, ապա Անդաստանի և Տեառնընդառաջի նախատօնակի յատուկ շարականներու երգեցողութիւն:
Արարողութեան ներկայ էին բազմաթիւ հաւատացեալներ։ Շարականներու երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ դպրաց դասը: Արարողութեան աւարտին, դպիրներն ու քահանայ հայրերը խորանէն ճրագ մը առնելով թափօր կազմած ուղղուեցան եկեղեցւոյ շրջափակ:
Ժողովուրդը աւանդական խարոյկին շուրջ լայն շրջանակ կազմած վերապրեցուց մեր աւանդոյթները, ու հրավառութեան հետ, Նոր Գիւղը եզակի ուրախութիւն ապրեցաւ:
Այս տարի եկեղեցոյ Տիկնանց Յանձնախումբը կեանք խորհրդանշող նուռին պատկերով լապտերներ պատրաստած էր։ Հաւատացեալները ջերմ, մաղթանքներ փոխանակելով, իրենց հետ տուն տարին նոր կեանքի խորհրդանիշը՝ ճրագը: Ապա եկեղեցւոյ Ս. խորանին վրայ տեղի ունեցաւ երեխաներու օրհնութիւն:
Ժիրայր Կարապետեան