Հայաստան Դարձաւ ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի Ոչ Նիւթական Մշակութային Ժառանգութեան Միջկառավարական Կոմիտէի Փոխնախագահ

Փետրուար 13-ին Հայաստանը` որպէս ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի` Ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան միջկառավարական կոմիտէի անդամ, դարձաւ Կոմիտէի բիւրոյի փոխնախագահ մէկ տարի ժամկէտով` ստանալով Կոմիտէի անդամ երկիրներու միաձայն աջակցութիւնը:
Բիւրոյի անդամներու առաջադրումը կայացած էր Քորէայի Հանրապետութեան մէջ 2017 թ. դեկտեմբեր 4-9 տեղի ունեցած Կոմիտէի 12-րդ նստաշրջանի ընթացքին քննարկումներու ժամանակ, իսկ վերջնական հաստատումն իրականացուած է ս․թ․ փետրուարին կայացած ելեկտրոնային խորհրդակցութիւններու ընթացքին:
Հայաստան Կոմիտէի անդամ կը հանդիսանայ 2016-2020թթ. ժամանակահատուածին համար:
Տեղեկանք. միջկառավարական կոմիտէն «Ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան մասին» ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի 2003թ. պայմանադրութեան գլխաւոր մարմիններէն է եւ բաղկացած է տարածաշրջանային վեց խումբերը ներկայացնող 24 անդամէ: Կոմիտէի կարեւոր գործառոյթներէն է Պայմանադրութեամբ սահմանուած ցանկերուն մէջ գրանցուելու նպատակով անդամ պետութիւններուն կողմէ ներկայացուած յայտերու առնչութեամբ վերջնական որոշում կայացնելը