Առաջնորդուելով Վարչապետի Յանձնարարականներով

Փետրուար 14-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան իրականացուց խորհրդակցութիւն` նախորդ օրը վարչապետ Կարէն Կարապետեանի հետ հանդիպման եւ տրուած յանձնարարականներու առիթով:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանն ու նախարարութեան աշխատակիցները յատկապէս կարեւորեցին վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գնահատականը հայապահպանութեան, սփիւռքի մէջ ազգային ինքնութեան պահպանման եւ հայոց լեզուի իմացութեան մակարդակի բարձրացման, սփիւռքահայ երիտասարդութեան շրջանին մէջ պատմական յիշողութեան ամրապնդման ուղղութիւններով նախարարութեան կողմէ տարուող շարունակական աշխատանքի վերաբերեալ եւ այն համարեցին պարտաւորեցնող:
Սփիւռքի նախարարը անդարդաձաւ նախարարութեան կողմէ տարուած աշխատանքներուն վերաբերեալ վարչապետի գնահատականին, բարձրացուցած հարցերուն, որոնք կ’առնչուէին այն հիմնախնդիրներուն, որոնց լուծումները կրնան նպաստել նախարարութեան աշխատանքներու արդիւնաւէտութեան բարձրացման: Նախարարը նշեց, որ վարչապետի յանձնարարութեամբ անհրաժեշտ է առաւել համակարգուած եւ փոխկապակցուած դարձնել այլ գերատեսչութիւններու հետ իրականացուող աշխատանքները, ինչպէս նաեւ հետամուտ ըլլալ այն ոլորտներու զարգացման ու կատարելագործման, որոնք վարչապետը համարած էր կարեւոր, լաւ հնարաւորութիւն տնտեսական զարգացումներու եւ ներդրումներու ներգրաւման, հայրենադարձութեան եւ մասնագիտական ներուժի համախմբման առումով:
Նախարարն աշխատակիցներուն յանձնարարեց նշուած ոլորտներուն մէջ տարուող աշխատանքները աւելի աշխուժացնել, մշակել նոր կառուցակարգեր, ծրագիրներ, ռազմավարութիւն, ներկայացնել միջգերատեսչական կառոյցներու հետ տարուող աշխատանքներու կանոնակարգման ուղղուած առաջարկներ, համահայկական, եկեղեցական եւ միւս կառոյցներուն հետ նպաստել մասնագիտական ընկերակցութիւններու մասնաճիւղերու բացման, աշխոյժ աշխատիլ մասնագիտական հայրենադարձութեան ուղղութեամբ, մշակել ներդրումներու, զբօսաշրջութեան եւ հայրենադարձութեան քարոզչութեան ծրագիրներ: