SARF-ը Կը Նախաձեռնէ «#GivingTuesday» Հանգանակային Աշխատանքին
Սուրիահայութեան օժանդակութեան միացեալ մարմինը (SARF) ձեռնարկած է յատուկ հանգանակութեան մը, որ տեղի պիտի ունենայ 2016ի Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին: Ձեռնարկը, որ կը կոչուի «#GivingTuesday», համաշխարհային տարողութեամբ ծանօթ ծրագիր մըն է, որ կը սկսի Գոհաբանութեան Օրուան յաջորդող Երեքշաբթի օրը եւ որուն նպատակն է բարեսիրական աշխատանք կատարել:
Այս տարի SARF-ը կը միանայ սոյն շարժումին, 25,000 տոլար գումար մը գոյացնելու նպատակով: Ինչպէս անցեալին, դարձեալ այս գումարը ամբողջութեամբ պիտի յատկացուի սուրիահայ մեր քոյր-եղբայրներու կենսական կարիքներուն:
Սկսեալ 2012էն, SARF-ը իր կարելին չէ խնայած օգնութեան ձեռք երկարելու սուրիահայ աղէտեալ գաղութին, եւ այդպիսով արժանացած է համայնքի բոլոր խաւերուն ու շրջանակներուն անվերապահ օժանդակութեան:
Լիայոյս ենք, որ անգամ մը եւս մեր հայրենակիցները թիկունք կը կանգնին այս խիստ կարեւոր հանգանակութեան: Առ այդ, սրտագին կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդին՝ օգնութեան հասնելու սուրիահայ մեր գաղութին, որ այս ծանր օրերուն կը պայքարի իր գոյատեւման համար:
Ձեր տուրքէ զերծ նուէրները կրնաք ուղղարկել հետեւեալ հասցէին. SARF, P.O.Box 1948, Glendale, Ca. 91209։
Թղթակցութիւնը՝ Մարմինէն