Հոլանտայի Խորհրդարանին Պիտի Ներկայացուի Հայոց Ցեղասպանութեան Առնչութեամբ Երկու Նոր Նախագիծ

Հոլանտայի Քրիստոնէական Միութիւն կուսակցութիւնը ներկայացնող Ճոյել Ֆորտեւինտ շրջանառութեան մէջ կը դնէ Հայոց Ցեղասպանութեան առնչութեամբ երկու նոր նախագիծ: Այս մասին «Արմենփրես»-ին տեղեկացուցած ՀՅԴ Հոլանտայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Մասիս Աբրահամեան:

«Ան  երկու նախագիծ պատրաստած է խորհրդարան ներկայացնելու համար, որոնցմէ առաջինը, կարծես թէ, 2004 թուականի որոշման հաստատումը ըլլայ, իսկ երկրորդը կառավարութեան ներկայացուցիչի այցը պարտադրող որոշում, որու ընդունման պարագային նախարարի մակարդակով այցելութիւն եւ յարգանքի տուրք կը նախատեսուի Ծիծեռնակաբերդի մէջ»,-ըսած է Մասիս Աբրահամեան:

 Հոլանտայի խորհրդարանը 2004 թուականին ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին որոշում, որ գնահատուած է, որպէս ճանաչում: Մասիս Աբրահամեան նշած, որ որոշումը յետագային կառավարութեան կողմէ այնպէս մեկնաբանուած է, որ անոնք հնարաւոր չափով խուսանաւելու հնարաւորութիւն ունենան: Տարբեր կառավարութիւններ տարբեր մօտեցումներ ունեցան, բայց վերջին կառավարութեան մօտեցումը խիստ յետադիմական է, քանի որ անոնք կը հրաժարին խօսելէ «Հայոց Ցեղասպանութեան» մասին, այլ կ՛օգտագործեն «Հայոց Ցեղասպանութեան խնդիր» բառակապակցութիւնը:

 Հոլանտահայ Համագործակցող Կազմակերպութիւնները (ՀՈՀԱԿԵՆ), մասնաւորապէս Հայ Դատի յանձնախումբը եւ Հոլանտայի Հայկական Կազմակերպութիւններու դաշնութիւնը խիստ կը դատապարտեն այս դիրքորոշումը եւ պայքարի բոլոր միջոցներով կը փորձեն զայն փոփոխութեան ենթարկել:

«Քանի որ այժմ կառավարութեան մաս կը կազմեն նաեւ հայամէտ կուսակցութիւններ, որոնք նախապէս մեծ աջակցութիւն ցուցաբերած են` յատկապէս ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով, ապա հոլանտահայութիւնը յատկապէս անոնց պահանջներ առաջադրելու առիթը  չի կորսնցներ: Ըսեմ, որ այս նախագիծերը ներկայացնելէ առաջ Ֆորդեւինտը պատգամաւորական յատուկ գործընթաց նախաձեռնած է` հրաւիրելով հայ համայնքի, Հոլանտահայ համագործակցող կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները: Այդ հանդիպումը պիտի կայանայ այսօր, որու ընթացքին Հայ Դատի յանձնախումբի, կազմակերպութեան, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչները հանգամանալից բացատրութիւններ պիտի տրամադրեն պարոն Ֆորտեւինտին»,-ըսած է Աբրահամեան:

 Փետրուար 15-ին կը նախատեսուի խորհրդարանին մէջ պատգամաւորական հարց ու պատասխանի ժամ, երբ դարձեալ քննութեան նիւթ պիտի ըլլայ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը: Քննարկումը բաց է, դահլիճի հանդիսասրահին մէջ ներկայ պիտի գտնուին նաեւ մեծ թիւով հոլանտահայեր:

Scroll Up