Գերմանիոյ ՄԷջ Կը Պահանջեն Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին Յուշարձաններ Կանգնեցնել
Գերմանիոյ մէջ գործող «Վտանգուած ժողովուրդներ» իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը կը պահանջէ գերմանական քաղաքներուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան եւ այլ քրիստոնեայ փոքրամանսութիւններու զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձաններ կանգնեցնել:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Deutsche Welle» լրատուամիջոցի թրքական ծառայութիւնը, իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը պահանջը ներկայացուցած է Գերմանիոյ քաղաքներու քոնկրէսին: Պահանջ-նամակը փոխանցուած է քոնկրէսի նախագահ Եւա Լոհսէին:
«Վտանգուած ժողովուրդներ» կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Քեմալ Սիդոն նշած է, որ Գերմանիան տեղեակ եղած է Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ իրագործուող կոտորածներու մասին:
«Այդ իսկ պատճառով շատ կարեւոր է ջանքեր գործադրել, որպէսզի այստեղ ապրող հայերուն եւ միւս տուժած ժողովուրդներու ներկայացուցիչներուն թոյլ չտանք, որ մոռնան կատարուածը, եւ վայր մը յատկացնենք, ուր յարգանքի տուրք կը մատուցեն զոհերուն»:
Կազմակերպութեան յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Օսմանեան Կայսրութիւնը բացի հայերու ցեղասպանութենէն իրականացուցած է նաեւ այլ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու կոտորածներ, որոնց զոհ դարձած են մօտ 1.5 միլիոն մարդ, կը գրէ Ermenihaber.am-ը: