Իրավիճակը Դամասկոսի Մէջ. Ազգ. Միացեալ Վարժարանի Աշակերտներու Փոխադրակառքը Հրթիռակոծումէն Ջախջախուեցաւ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/02/ավտոբուս.jpg)
Perio news- Կիրակի, 11 փետրուար 2018-ի յետմիջօրէին Ժարամանա շրջանին մէջ տեղացող հրթիռներու թիրախ դարձաւ Ազգ. Միացեալ վարժարանի աշակերտներու փոխադրակառքը: Նշենք, որ ջախջախուած փոխադրակառքը շարուած էր վարժարանին վարորդին մօտ, ուրուն բնակարանը կը գտնուի նշուած շրջանին մէջ:
Միւս կողմէ, մէկ շաբաթէ ի վեր «Արեւելեան ալ-Ղութա» շրջանէն «Ժապհեթ Նուսրա» զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումը կը շարունակէ հրթիռակոծել Դամասկոսի զանազան շրջաններ, իսկ այսօր՝ Տուելաա, Ժարամանա, ալ-Քասսաա եւ այլն:
Հրթիռ մը ինկած է ալ-Քասսաա շրջանին մէջ գտնուող «Թէքէեան» ակումբին մօտ, ինչպէս նաեւ ֆրանսական հիւանդանոցին կից:
Հրթիռակոծումներու պայթումէն արձանագրուեցան զոհեր եւ վիրաւորներ: Ինչպէս նաեւ վնասուեցան շրջանի շէնքերը՝ բնակարաններ, խանութներ ու ինքնաշարժներ։