Օր Մը Պիտի Վերադառնամ Ձեր Մօտ եւ Ըսեմ, որ Կարգաւորած ենք ԼՂ Հակամարտութիւնը. Մաքրոնը` Հայ Համայնքին

Ֆրանսան պիտի շարունակէ իր միջնորդական առաքելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գործին մէջ:

Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, նշած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը` Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի կազմակերպած ամենամեայ ընթրիքին իր ունեցած ելոյթին:

Ան նշած է, որ իբրեւ միջնորդ` ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ, Ֆրանսան պիտի շարունակէ առաջ ընթանալ կողմերը լսելու ճանապարհով: «Յուսամ, որ օր մը պիտի վերադառնամ ձեր մօտ եւ պիտի ըսեմ, որ մենք կարգաւորած ենք այդ հակամարտութիւնը»,- նշած է Ֆրանսայի նախագահը:

Ամենամեայ ընթրիքին մասնակցած են նաեւ Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոն, Իլ-Տէ-ֆրանս շրջանի նախագահ Վալերի Փեգրեսը, Ֆրանսայի խորհրդարանի պատգամաւորներ, ներառեալ` հայ պատգամաւոր Փաթրիք Տէւէճեանը, Լիոնի քաղաքապետ Ժորժ Գեբենեգեանը, Ֆրանսայի հայկական եւ հրէական համայնքներու ներկայացուցիչներ: Ընթրիքի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Կարօ Փայլանը: Ընթրիքին ընթացքին ունեցած ելոյթով Մաքրոնը անդրադարձած է հայ համայնքը յուզող շարք մը հարցերու, ներառեալ` Հայոց Ցեղասպանութեան:

Scroll Up