Ղարաբաղեան Շարժման 30-ամեակին Նուիրուած` Զօրամասերուն Մէջ Իրականացած են Շարք մը Ձեռնարկներ

Հադրութի շրջվարչակազմի աշխատակազմի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու բաժինին նախաձեռնութեամբ՝ Արցախի շարք մը զօրամասերու մէջ տեղի ունեցած են ձեռնարկներ` նուիրուած արցախահայութեան ազգային-ազատագրական պայքարի` Ղարաբաղեան շարժման 30-ամեակին:

Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ Հադրութի շրջվարչակազմի աշխատակազմի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու բաժինի վարիչ Երազիկ Հայրիյեանը ըսած է, որ ձեռնարկին մասնակցած են շարժման հադրութցի առաջամարտիկներ, վեթերաններ, դպրոցականներ, «Դիզակ» խումբը:

«Արցախեան շարժման աքթիւիսթները, հանդիպումներ ունենալով զինուորներու եւ սպայական անձնակազմի հետ, հանդէս եկած են դասախօսութիւններով` ականատեսի վկայութեամբ ներկայացնելով շարժման դրդապատճառները, ընթացքը եւ նշանակութիւնը: Դպրոցականներն ալ հանդէս եկած են հայրենասիրական բանաստեղծութիւններով, ազգագրական երգ ու պարով: Հանդիպման աւարտին աշակերտները զինուորներուն յանձնած են իրենց իսկ ձեռքով պատրաստած ծանրոցներ»,- նշած  է Է. Հայրիյեանը:

Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ իրենք նման նախաձեռնութեամբ հանդէս պիտի գան նաեւ Հադրութի մէջ, շրջանի Վանաձոր, Ուխտաձոր, Տող համայնքներուն մէջ:

Է. Հայրիյեանի հաւաստիացումով` նման ձեռնարկները մեծ նշանակութիւն ունին մատաղ սերունդին հայրենասիրութեամբ, հերոսութեամբ  դաստիարակելու գործին մէջ:

Տեղեկացնենք, որ Ղարաբաղեան շարժման 30-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շրջանակներուն մէջ Հադրութի շրջվարչակազմի աշխատակազմի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու բաժինին կողմէ յայտարարուած է «Ճանչցիր զիս` իմ ունակութիւններով» խորագիրով մանկապատանեկան նկարչութեան  մրցոյթ:

Scroll Up